Թատրոնը երկրագունդի վրայ այն տեղն է, ուր ստեղծուած է տարածութիւն մը, որուն մէջ հաւասար ենք բոլորս։ Ան կը տարածուի անտեսանելի աշխարհատարածքի մը վրայ միաձուլուելով թատերասէրներուն եւ թատրոնի նուիրեալներուն կեանքին։ Թատրոնը քմահաճ ասպարէզ է, կենցաղ է, եւ անոր բարոյական հանգամանքի բարձրութեան ոչ մէկ արուեստ կրնայ հաւասարիլ։
Մեր ազգային էութեան զարթօնքը թափ առաւ յատկապէս հայ թատրոնի ծաղկումով, իսկ մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ ան եղաւ մեր ինքնութեան եւ մայրենի լեզուի պահպանման գրաւականը։
Թատերական արուեստը համախմբող շարժում մըն է, որուն մեծագոյն փաստը Հալէպի հայ թատերախումբերու համախմբումն է «ՀՀԹ» անուան տակ։ Անոնք վճռած են յաղթահարել ամէն խոչընդոտ, մնալ քով-քովի, հանդէս գալ որպէս մէկ հաւաքական ոյժ ու հետապնդել միայն մէկ նպատակ՝ գերադասել թատրոնը։
Թատրոնը ունի միջազգային տօն, որ ամէն տարի կը յիշատակուի 27 Մարտին։ 2016-էն սկսեալ աւանդոյթ դարձաւ Հալէպի մէջ յիշատակել զայն ՀՀԹ-ի կազմակերպութեամբ, լոյսի բերել անոր կարեւորութիւնը, մշակոյթի տարածման եւ պահպանման վսեմ առաքելութիւնը։
Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, ՀԵ Ընկերակցութեան «Ա.Գավաֆեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՀԹ-ին յիշատակուեցաւ Թատրոնի Միջազգային տօնը, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց ներկայացուցիչ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեանի, Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի, ՀՀ գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի, ինչպէս նաեւ թեմի Ազգային Վարչութեան, հոգեւոր հայրերու, հալէպահայ մշակութային, հայրենակցական եւ բարեսիրական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու եւ թատերասէրներու։
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան «Վ.Աճէմեան» թատերախումբէն Ճորճ Նալջաճեան, ան դիտել տուաւ, որ թատրոնը մշակոյթ է, ազգի մը ինքնութիւնը։ Անոր նպատակներէն մէկն է հայ մշակոյթը մատչելի դարձնել հանրութեան՝ նոր սերունդը հաղորդակից դարձնելով մեր մշակութային ժառանգութեան։ Թատրոնի նուիրեալները իրենց համոզումով եւ նուիրումով, թատրոնի միջոցով շունչ կու տան մեր հաւաքական գոյութեան եւ մշակութային կեանքին։
Արաբերէն բացման խօսքով Համազգայինի «Լ.Շանթ» թատերական միաւորէն Սարգիս Պալապանեան երանի տուաւ բոլոր անոնց, որոնք թատրոնի ընդմէջէն կը ներխուժեն կեանք, մեզ ծանօթացնելով բոլոր մշակոյթներուն եւ սորվեցնելով միշտ կառչած մնալ մեր արմատներուն, ինքնութեան եւ հողին։ Ան աւելցնելով ըսաւ, որ թատրոնով կ’ապրինք ու կը զօրանանք, հաւատալով, որ մեր սէրը, մեր բնոյթը, մեր հայրենասիրութիւնը, մեր դատն ու պատմութիւնը արտայայտելու միջոց է։
Օրուան հանդիսավար ՀԵ Ընկերակցութեան «Պ.Ադամեան» թատերախումբէն Զեփիւռ Մխճեան-Նալպանտեան մերթ ընդ մերթ իր մէջբերումներով, մեկնաբանութիւններով եւ մտորումներով համ ու հոտ աւելցուց երեկոյին։
Գեղարուեստական յայտագիրով յաջորդաբար հանդէս եկան՝ Համազգայինի «Լ.Շանթ» թատերական միաւորէն Անի Պօղիկեան (դաշնամուր) եւ Սերենա Պէրպէրեան (ջութակ), Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան «Վ. Աճէմեան» թատերախումբէն Դիա Մարիա Քէշիշեան (ասմունք) եւ Յակոբ Գասարեան (դաշնամուր)։
Սովորութիւն եղած է, որ ամէն տարի միջազգային թատրոնի գործիչ մը յղէ տարուան ուղերձը։ Այս տարուան խօսքը հրապարակուեցաւ նորվեկացի գրող, թատերագիր՝ Ճօն Ֆօսի կողմէ, «Արուեստը Խաղաղութիւն Է» խորագիրով, որուն հայերէնի թարգմանութիւնը ընթերցեց ՆՍՄ Միութեան «Անդրանիկ» թատերախումբէն Մարալ Անուշեան-Գոնճայեան, իսկ արաբերէնի թարգմանութիւնը՝ Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան «Վասպուրական» թատերախումբէն Սոնա Գրտանեան Պզտիկեան։
Օրուան բանախօսն էր Հալէպի «Համազգայինի Հայագիտական Ամպիոնի» եւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան»-ի անուան մանկավարժական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինի շրջանաւարտ, ՀԵԸ-ի «Ադամեան» թատերախումբի արծաթեայ մետալակիր Երան Զէյթունցեան։ Ան ներկայացուց հալէպահայ թատրոնի եւ թատերախումբերու պատմութիւնը յայտնելով, որ Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն մեր ազգային կեանքի կազմաւորման մէջ մեծ եւ նշանակալից դեր ունեցած է հայ թատրոնը, որուն ծննդավայրը դարձած է հայ վարժարանը։
Հայը հազիւ իր ֆիզիքական գոյութիւնը ապահոված ձեռնամուխ եղած է իր հոգեւոր գոյութեան վերականգնումին՝ հիմնելով հայ դպրոցը, եւ շատ չանցած նոյն առաքելութեան բաժնեկից թատրոնը։ Զէյթունցեան հալէպահայ թատրոնի պատմութիւնը բաժնեց երեք շրջաններու, նախքան 1970-ական թուականներ, որ կը յատկանշուէր դպրոցական ներկայացումներով եւ տեղական ուժերով կազմուած խումբերու առկայութեամբ։ Ապա 1970-ական թուականներէն ետք, երբ թատերական կեանք կը յատկանշուէր արհեստավարժութեամբ եւ վերջապէս 2011 թուականէն ետք, երբ Սուրիոյ կեանքը փոթորկող պատերազմին պատճառած դաժան մարտահրաւէրի դիմագրաւումով մշակութային կեանքը սկսած էր մաքառիլ ի խնդիր գոյութեան իրաւունքին։ Ապա հակիրճ ձեւով ներկայացուց հալէպահայ՝ ՆՍՄ Միութեան «Անդրանիկ», ՀԵ Ընկերակցութեան «Պ. Ադամեան», ԳՎՄ Միութեան «Վասպուրական», Համազգայինի «Զաւարեան», «Լ.Շանթ» եւ «Ռազմիկ» մանկապատանեկան, ԿՄ Միութեան «Վ. Աճէմեան» թատերախումբերու ծաւալած գործունէութիւնները։
Զէյթունցեան աւելցնելով ըսաւ, որ բոլորիս ճիտին պարտքն է մտածել նոր ռազմավարութեան մը մասին, որպէսզի կանգուն պահենք մեր թատերական հարուստ աւանդոյթները՝ յանուն մեր անցեալի հարուստ պատմութեան։
Հանդիսութեան աւարտին հրաւիրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանը, որ նախ ՀՀԹ-ի կողմէն տրամադրուած յուշանուէրով մը պատուեց Երան Զէյթունցեանը, ապա խօսք առնելով յայտնեց, որ բանախօսին փոխանցած տեղեկութիւններուն ընդմէջէն մեր առջեւ գծագրուեցաւ հսկայ ճիգը եւ ջանքը, որոնք տարուած են յանուն թատրոնին եւ ճիշդ ժամն է խոնարհելո՛ւ այդ բոլոր հսկաներուն առջեւ, իրենց հոգիներուն, շունչին, ժամանակին, երեւակայութեան, մտածողութեան, նախանձախնդրութեան եւ հաւատքին առջեւ։ Սրբազան հայրը նշեց հալէպահայ կեանքի մշակութային հարուստ գործունէութիւնը շեշտելով, որ հպարտութիւն է տեսնել մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց պարտականութեան գիտակից, հաւատքի ջահը ձեռքերուն, նախանձախնդրութեան կրակով իրենց նպատակներու իրագործման ճիգին մէջ, որուն համար միայն երախտագիտութեան եւ յարգանքի արժանի են։
Մակար Սրբազան մաղթեց, որ թատրոնը թռիչքներ արձանագրէ եւ Աստուած թատրոնի տիտաններուն ուխտը շարունակողներուն բազուկները զօրացնէ, շնորհք, իմաստութիւն, կարողութիւն եւ եռանդ պարգեւէ անոնց։ Ապա հրաւիրեց ներկաները բանալու իրենց սիրտերը հրաւիրելով զԱստուած ներգործելու իրենց մէջ եւ Ս. Յարութեան տօնի զօրութեամբ յաղթելու չարին։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ յիշատակի խմբային նկարներով։
Կասիա Պետիրեան – Ստանպուլեան