Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, իսլամական «Ռամատան» օրհնեալ ամսուան առիթով, Հալէպի բոլոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները
հրաւիրեց «իֆթար»-ի, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Նիւ Սպիտակ» ճաշարանէն ներս, առ ի գնահատանք անոնց տարած լրատուական նուիրական առաքելութեան, յատկապէս տիրող ներկայ պայմաններուն մէջ։
Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց քառասնօրեայ պահեցողութեան եւ Ս. Յարութեան տօնին ու Ռամատանին նոյն ժամանակաշրջանին զուգադիպելուն առիթով։ Այլ խօսքով, Սուրիոյ ժողովուրդին բոլոր բաղադրիչները իրենց աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կը դիմեն Աստուծոյ, խնդրելով, որ առաւել զօրութիւն պարգեւէ իրենց։
Ան դիտել տուաւ, որ ողջ աշխարհը, յատկապէս Միջին Արեւելքն ու Սուրիան առաւել ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուին, սակայն անով հանդերձ մեր եղբայրութիւնը, հայրենասիրութիւնը, հողին եւ արժէքներուն կառչածութիւնը մեզ կը մղէ զօրաւոր կերպով կանգնելու դժուարութիւններուն դիմաց։
Սրբազան Հայրը գնահատեց արդարութեան ձայնը բարձրացնող եւ Սուրիոյ իսկական պատկերը ներկայացնող լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները, որոնք դէմ կը դնեն ապատեղեկատուութեան արշաւին։
Սրբազան Հայրը լրագրողներուն աշխատանքը համարեց նուիրական առաքելութիւն, այնպէս ինչպէս ուսուցիչներունը։
Ան հրաւիրեց ներկաները պահպանելու մեր արմատներէն եկող նախկին աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց լրագրողները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց առաքելութեան։ Ան շնորհաւորեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատը, սուրիական բանակը, պատասխանատուները եւ ժողովուրդը՝ Ֆըթըր տօնին առիթով, եւ ամենայն բարիք մաղթեց անոնց։ Ան մաղթեց, որ այսօրուան սիրոյ սեղանին շուրջ աղ ու հացով գոյացած մեր եղբայրութիւնը ընդ երկար շարունակուի։
Մտերմիկ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ
լրատուամիջոցներու
ներկայացուցիչներուն ծանօթացման եւ
գործակցութեան։
Հալէպի պետական ձայնասփիւռի եւ
պատկերասփիւռի կայաններու տնօրէն եւ լրագրողներու միութեան գործադիր գրասենեակի անդամ Ապտուլ Քարիմ Ապէիտ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ յայտնեց, որ տարեկան աւանդութիւն դարձած այս գեղեցիկ հրաւէրին ընդմէջէն կը պարզուի առարկայական լրատուութեան կարեւորութիւնը, երբ Սուրիոյ պատերազմէն սկսեալ մեր լրագրողները, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, յարատեւ աշխատանքով Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան ճշգրիտ պատկերը արտացոլացուցին։ Ան շնորհաւորեց ներկաները Ֆըթըր տօնին առիթով եւ բոլորին մաղթեց առողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ։
Իֆթարին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հալէպի լրատուամիջոցներու գրասենեակի տնօրէնը, հայկական լրատուամիջոցներու, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի եւ Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչները։