Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի եւ ազգային իշխանութեան հրաւէրով, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի ղեկավար գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի ողջերթը տեղի ունեցաւ, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս:
Երեկոյին ներկայ գտնուեցան ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս մեծարգոյ Բաբգէն Պատալեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան 14-րդ խումբի հրամանատար Դաւիթ Յարութիւնեանն ու իր տեղակալը եւ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի զինուորներ, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը, Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովներու անդամներ, Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան եւ անդամներ, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՍՕ Խաչի Շրջ. վարչութիւններու ատենապետներ, ՍՕ Խաչի Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետը եւ ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհին, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետը:
Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, յայտնելով, որ Սուրիոյ պատերազմի դառն օրերուն կողքին սուրիահայերս ապրեցանք հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը այն հիանալի եւ գնահատանքի խօսքերուն, որոնք մեր արաբ հայրենակիցները կ’արտայայտէին Հայաստանէն ժամանած մարդասիրական առաքելութեան խումբին տարած անապահով տարածքներու ականազերծման եւ բժշկական ծառայութիւններուն մասին:
Ատենապետը նշեց, թէ այսօրուան առիթը աննախընթաց եւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը կը համընկնի ՄԱԿ-ի ընդհանուր խորհուրդի պաշտօնական յայտարարութեան, որուն համաձայն 4 Ապրիլը յայտարարուեցաւ ականներու մասին իրազեկութեան եւ ականազերծման գործընթացի միջազգային օր։
Ան յաջողութիւն եւ արդիւնաշատ գործունէութեան նոր աշխատաշրջան մաղթեց պարոն գնդապետին նուիրական առաքելութեան:
Ազգ. Վարչութեան ատենադպրուհի երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց պարոն գնդապետին 27 Դեկտեմբեր 2018-էն սկսեալ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ տարած գործունէութիւնը, որպէս ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի ղեկավար:
Ան յայտնեց, թէ Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութեան խումբին նախապատրաստական ամենափոքր աշխատանքէն մինչեւ դաշտային ամենավտանգաւոր գործին ընդմէջէն իմացանք գնդապետին նուիրական ծառայութեան մասին եւ ծանօթացանք՝ խիզախ ղեկավարին ու արի հայորդիին, որ շնորհիւ իր աշխատանքային բծախնդրութեան, լրջութեան ու ամենակարեւո՛րը մարդասիրական կոչումին տէրը ըլլալուն` նուաճեց հալէպահայութեան սէրն ու պատկառանքը:
Ան յիշեց, թէ 6 Փետրուար 2023-ին Հալէպը հարուածած երկրաշարժի օրերուն, գնդապետը օգնութիւն ցուցաբերեց տուժած տեղացիներուն, մարդասիրական առաքելութեան խումբը ընդգրկեց երկրաշարժաբաններու կազմին մէջ եւ Հալէպի մէջ իրականացուց շէնքերու վթարային վիճակի գնահատման, նշագրման եւ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ ստանձնեց Հայաստանէն ժամանած որոնողափրկարարական խումբի կեցութեան աշխատանքները, օգնեց հայկական եկեղեցիներուն մէջ ապաստան գտած հայ համայնքի զաւակներուն, ազգային պատսպարանին եւ հայ ծերանոցին։
Այնուհետեւ, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան ընթերցեց Սրբազան Հօր օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը:
Ապա, Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի նախագահութեամբ, Ազգային Վարչութեան որոշումով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան Բարձրագոյն Շքանշան»-ով եւ օրհնութեան ու գնահատանքի գիրով պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի ղեկավար գնդապետ Արկադի Տօնոյեանը:
Պարոն գնդապետը խօսք առնելով իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ազգային իշխանութեան, թեմի ազգային մարմիններուն եւ միութիւններուն, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, նուիրուածութեամբ միասնաբար յառաջ կը տանին իրենց վստահուած առաքելութիւնը:
Սրբազան հայրը խօսք առնելով շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց պարոն Արկադիին, անցնող վեց տարիներուն ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի գործակիցներուն հետ մատուցած նուիրական ծառայութեան համար: Իսկապէս արժան եւ իրաւ:
Սրբազան Հայրը մեծագոյն պատիւը համարեց Սփիւռքի մէջ հայրենիքի ներկայացուցիչին գտնուիլը եւ ծառայութեան ճամբով օգնութեան ձեռք երկարելը պետական եւ զինուորական մակարդակներով եւ ժողովուրդի ապահովութիւնը ձեռք բերելու առաջադրանքով, հակառակ զանազան պատժամիջոցներով Սուրիոյ արգելափակուած ըլլալուն:
Ան ըսաւ, որ այն ինչ որ հայրենի ղեկավարութիւնը որպէս նոր առաքելութիւն որոշած է գնդապետին համար, վստահօրէն շատ աւելի անհրաժեշտ է հայրենիքի հզօրացման եւ ապահովութեան ի խնդիր։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ իր առաջնորդութեան մէկ ու կէս տարուան ընթացքին, յարաբերութեան ճամբով եղբայրական կապ ստեղծուեցաւ գնդապետին հետ, որուն ճամբով ի յայտ եկաւ անոր հայու ոգին, նախանձախնդրութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ գործին նկատմամբ լրջութիւնը, որոնք մեզ աւելիով կը զօրացնեն:
Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Ամենակալը իր հովանին անպակաս ընէ, գնդապետին քայլերը առաջնորդէ եւ աստուածային շնորհքներով զինք պայծառացնէ:
Աւարտին, կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։