Քերմէսը Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ․ Միութեան Վարչութեան օրակարգին վրայ մշտապէս յայտնուող գործունէութիւն է, որովհետեւ երիտասարդներն ու պատանիները անհամբեր կը սպասեն անոր պարգեւած խանդավառ մթնոլորտին։

Քերմէսի կազմակերպումով քանի մը դրական երեւոյթներ կը կրկնուին՝ նախ երիտասարդներն ու պատանիները առիթ կ՛ունենան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ համախմբուելու, խաղերով զբաղելու, երգեր ունկնդրելու եւ նուիրելու, երկրորդ՝ հալէպահայ ձեռներէցներուն առիթ կ՛ընծայուի իրենց արտադրութիւնները վաճառելու, եւ երրորդ՝ քերմէսի կազմակերպումով հաւաքական աշխատանքի արդիւնքը տեսանելի կը դառնայ ու մեծաթիւ այցելուներու շնորհիւ որոշ հասոյթ մը կ՛ապահովուի, որ սովորաբար կը նուիրուի Ճեմարանին։

Այս տարուան Շրջ․ Միութեան Վարչութեան կազմակերպած առաջին քերմէսը տեղի ունեցաւ 15,16 եւ 17 Մարտ 2024-ին, Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։
Երեք օրերու տեւողութեան այցելուներուն մէջ էին հալէպահայ պատանիներ, երիտասարդներ, հալէպահայ վարժարաններու աշակերտներ։
Հետաքրքրական էր տեսնել պատանիներուն եռանդը․ ոմանք ամէնօրեայ ներկայութիւն էին քերմէսին, անպայման երգ կը նուիրէին իրենց դասընկերներուն, կ՛այցելէին բոլոր տաղաւարները ու խաղալով, մրցելով, նուէրներ շահելով կը մեկնէին սրահէն։