Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, Լաթաքիոյ հայ համայնքը ներկայացնող մեծաթիւ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Արքութեան տիտղոս ստանալուն ուրախ առիթով։
Լաթաքիոյ հայ համայնքի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւը եւ երէցկինը, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ Աւետիս Կարպուշեան, Յարաբերական յանձնախումբի անդամներ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետը, անդամներ եւ քարտուղարներ, եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբի ատենապետը, դպրաց դասի անդամը, Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչուհին, Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի տնօրէնուհին եւ հոգաբարձութեան ատենապետն ու անդամը, ՍՕ Խաչի «Շուշի» մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի, Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչը, ՍՊՄ «Արցախ» մասնաճիւղի դաստիարակներ, ՀԲԸՄ-ի վարչութեան ատենապետը, ՀԲԸՄ-ի Տիկնաց յանձնախումբի եւ ՀԵԸ-ի վարչութեան անդամներ, Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան, Եագուպիէի Ս. Աննա եղբայրակցութեան եւ Արամոյի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետներ։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ հոգեշնորհ հայր սուրբեր եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետն ու անդամները։

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ բժշկ. Մինաս Պալեան ներկայացուց պատուիրակութեան անդամները։ Ան շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը եւ
Լաթաքիահայութեան պատուիրակութեան կողմէ յուշանուէր եւ շնորհաւորական գիր փոխանցեց Սրբազան Հօր՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն ուրախ առիթով, առ ի երախտագիտութիւն իր նուիրական առաքելութեան, մաղթելով քաջառողջութիւն, բարօրութիւն եւ օրհնաբեր ծառայութիւն։

Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով եւ անոր մաղթեց առողջութիւն, ոյժ, կորով եւ յաջողութիւն։ Ան յայտնեց, որ Սրբազան Հօր հովուական առաջնորդութեամբ միասնաբար ճիշդ քայլեր պիտի առնենք, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Քահանայ Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ Ազգային Վարչութեան՝ իրենց ջերմ ընդունելութեան համար։

Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան բարի գալուստ մաղթեց պատուիրակութեան անդամներուն, յայտնելով, որ Ազգային Առաջնորդարանը մեր բոլորին տունն է։ Ան մաղթեց, որ այսպիսի հանդիպումներ յաճախ կրկնուին, որպէսզի միասնական ոգիով առաւել զօրացած շարունակենք մեր գոյերթը։

ՀԲԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ բժշկ. Նիկոլ Մէտէնի շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը եւ քաջառողջութիւն ու առաւել ոյժ եւ կորով մաղթեց անոր, որպէսզի շարունակէ իր օրհնաբեր ծառայութիւնը, որ խթան կը հանդիսանայ բոլորին աշխոյժ կերպով շարունակելու իրենց գործունէութիւնը։

Յարաբերական յանձնախումբի անդամ Յարութ Գաբրիէլեան շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը։ Ան պատիւ համարեց Սրբազան Հօր Արքութեան տիտղոս ստանալը եւ բարեյաջող ու օրհնաբեր ծառայութիւն մաղթեց անոր։ Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ ակնարկելով անոր երիտասարդ եւ աշխոյժ հոգիին, հրաւիրեց բոլորը օրինակ քաղելու Առաջնորդ Սրբազան Հօրմէ եւ նոյն թափով շարունակելու իրենց գործունէութիւնը։

Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տէիրմէնճեան-Գարամարտեան, հոգաբարձութեան եւ ուսուցչաց կազմին կողմէ շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը եւ անոր օրհնութիւնը հայցեց։ Ան յայտնեց, թէ ամէն անգամ որ հովուական այցելութեամբ Սրբազան Հայրը վարժարան կ՚այցելէ, առաւել ոյժ եւ կորով կը ներշնչէ վարժարանի անձնակազմին եւ աշակերտներուն։
Հանդիպումը ջերմացաւ Ներսէս Մուրատեանի կողմէ մատուցուած երգով։

Սրբազան Հայրը ողջունելով Լաթաքիահայութեան ներկայացուցիչները, անոնց այցելութիւնը դրական երեւոյթ համարեց եւ մաղթեց, որ այսպիսի հանդիպումներ յաճախակի կերպով կատարուին։
Սրբազան Հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ զինք արժանի դարձուց Արքութեան տիտղոս ստանալու։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան անդամներուն, յայտնելով, որ ինք՝ թեմին ի պատիւ Արքութեան տիտղոսին արժանացաւ, տիտղոս մը, որ Ազգ. Վարչութեան եւ բոլոր մարմիններուն յարատեւ աշխատանքին եւ ճիգին արդիւնքն է եւ զինք պարտաւորութեան տակ դնելով, առաւել գիտակից ծառայութեան կը հրաւիրէ, քաջ գիտնալով, որ բոլոր շնորհքները Աստուծմէ կը տրուին։
Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած ժողովուրդի զաւակներուն համար եւ խնդրեց, որ աղօթեն հոգեւորականներուն համար, որպէսզի աստուածային օրհնութեամբ շարունակեն իրենց ծառայութիւնը։ Ան հրաւիրեց բոլորը, իրենց լաւագոյնը տալու եւ մեծ սիրով ու նուիրումով միասնաբար ծառայելու հայ ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ ժողովուրդին։
Սրբազան Հայրը իւրաքանչիւրին նոր հրատարակուած գիրքեր նուիրեց։
Այնուհետեւ, ներկաները Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։