5 Ապրիլին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի անդամները՝ ուղեկցութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեանի:

Հանդիպումին քննարկուեցան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային կացութեան եւ բարոյահոգեբանական վիճակին առնչուած հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ իկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող աջակցութեան ծրագիրներուն։

Հայոց Հայրապետը յորդորեց թեմակալ առաջնորդը եւ թեմական խորհուրդի անդամները շարունակել Մայր Աթոռի համապատասխան կառոյցներուն եւ սփիւռքի թեմերուն հետ համագործակցաբար մատչելի բոլոր միջոցները գործադրել միջազգային ու միջեկեղեցական կառոյցներուն առջեւ արծարծելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ապահովման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հիմնահարցերը։

Անհրաժեշտ նկատելով թեմական կառոյցներու պահպանութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարեց նաեւ արցախահայերու համախմբումին, ոգիի զօրացման եւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուող ծրագրերու շարունակականութիւնը։