13 Ապրիլին Իրանը յարձակում կազմակերպեց Իսրայէլի վրայ, նախապէս տեղեակ պահելով այդ մասին: Սա բնական էր լայնածաւալ պատերազմի չձեռնարկող ու պարզապէս պատասխան սահմանափակ հարուած հասցնող Իրանի համար։
Իսրայէլի յարձակումը Դամասկոսի մէջ իրանական դեսպանատան վրայ կը կարծուէր, թէ անպատասխան պիտի մնար, բայց ահա՛ այս անգամ Իրան ձեռնարկեց պատասխան քայլի, յստակ թիրախներ հարուածելով ու յայտարարելով, որ գործողութիւնը աւարտած է ու պատասխանը տրուած։
Ի՞նչ էր Իրանի պատասխանը սակայն…
Իրան այս հարուածով նախ ցոյց տուաւ, որ իր շահերու վտանգի ենթարկումը անտես պիտի չանցնի այսուհետեւ, միւս կողմէ յուշեց, որ իր օգտագործած հրթիռները զինուորական իր կարողութիւններու առաւելագոյնը չեն, այլ պարզապէս պատասխան հարուածի մը կը համապատասխանեն։ Այս կը պարզէր Իրանի յայտարարութիւնը հարուածէն ետք, երբ կը շեշտէր, թէ Իսրայէլի գործողութիւններու շարունակման պարագային պատասխան հարուածը համապատասխան պիտի ըլլայ իր թիրախին։ Իրան պարզեց, որ լարուածութեան սաստկացման պարագային կը վտանգուի ոչ միայն Իսրայէլը, այլեւ ԱՄՆ-ի շահերը տարածաշրջանին մէջ։ Միւս կողմէ արաբական կարգ մը երկիրներու օդային իրենց տարածքի փակումը կը նշէր այդ երկիրներու Իրանին դէմ որեւէ քայլի չընդառաջելու եւ շրջանը պատերազմական նոր բռնկումներէ զերծ պահելու  տրամադրութիւնը։
Կազզայի յորձանուտէն դուրս չեկած Իսրայէլի համար անխոհեմ քայլ էր Սուրիոյ մէջ Իրանի հիւպատոսութիւնը թիրախ դարձնելը, այնուամենայնիւ այդ քայլը ծառայեց Իրանի պատասխան հարուածներ հասցնելու պատրաստակամութեան պարզումին, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան յօդուածին մէջբերումով ու այդ հարուածին օրինականութեան հաստատումով։ Այս օրերուն ո՛չ Իրան, ոչ ալ Միացեալ Նահանգներ պիտի ցանկան տարածաշրջանի լարուածութեան աշխարհագրութեան ընդլայնումը տեսնել, որովհետեւ գոյութիւն ունին՝ Ուքրանիոյ բաց մնացած հարցը, Պաղեստինի միացեալ ճակատը Իսրայէլի դէմ, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի խառնաշփոթ վիճակները։ Լարուածութեան տարածքի ընդլայնումով ոչ մէկ կողմ պիտի շահի։
Իրանի դէմ գործողութիւնները ընդլայնելու հաւանականութիւնը կրնայ վտանգել նաեւ Հարաւային Կովկասը ու Ատրպէյճան օգտուելով այս պատմական առիթէն կրնայ փորձել «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի իր երազը իրականացնել՝ օգտուելով Իսրայէլի զինուորական ներկայութենէն, սակայն Իրան քանիցս յայտարարեց ու կը շարունակէ յայտարարել, որ իր սահմաններուն որեւէ լարուածութիւն ընդունելի չէ, իսկ տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը կարմիր գիծ է։ Միւս կողմէ ո՛չ Իսրայէլ պիտի կարենայ զինել Ատրպէյճանը նախորդ տարիներուն նման, ոչ ալ Թուրքիան պիտի ցանկայ ուղղակի բախումներու մէջ մտնել Իրանի հետ։
Հայաստան հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու եւ Իրանը թիրախ դարձնող գործողութիւններէն զերծ մնալու քաղաքականութեամբ ու իր զինուորական կարելիութիւններու լարումով կրնայ պաշտպանուիլ Ատրպէյճանի կանխատեսելի յարձակումներէն, իսկ Ատրպէյճանի յարձակման որեւէ ազդանշան այս անգամ Իրանի  կողմէ անպատասխան պիտի չմնայ, որովհետեւ Իրանը թիրախ պիտի դարձնէ ուղղակիօրէն։