Չեմ ընդունիր հոգեվարքը լեզուիս
Ճիշդ այդպէս
Չեմ ընդունիր տեղագրել քանդումը քաղաքիս
Այնքան ատեն որ կամ
Կանք միասին
Աւերակներուն վրայ
Ոչ թէ թագաւորելու
Ապրելու համար
Մնաց անունդ թեւածող մեր կեանքերուն
Անունդ նէնէիս գիրկին չափ տաք
Ու անոր պէս գուրգուրոտ
Որ ահա կը թեւածէ աւերին վրայ
Եւ կեանք կը փչէ անոր կողերուն
Նուազեցան հիմա ցնցումները հողին
Ատենն է որ սկսինք նոր այբուբենի
Սերտենք օրերը չաւարտած
Մահը չհասած
Կեանքը գունաւոր էր մեր կապոյտ
Երկնքին տակ
ցաւերուն ծամերը փռած
Եւ անոնց վրայ ականակուռ ծամակալները գալիքին
Որ ուշացաւ
Մինչ պատմութիւնը ժանգ կը կապէ
Ծամերուն եւ ծամակալներուն վրայ
Բայց չմոռնալ արքան
Որուն նժոյգին սմբակները կ’արձագանգեն
Դեռ1
Լեզուիս տառերուն հետ
Մինչեւ օձերու դարպասը
Եւ անկէ
Մինչեւ մեր կապոյտ-կապոյտ երկինքը
Որ օր մը Ալիծը2 ծալեց
Չորս տակ ըրաւ
Եւ գրպանը դրած հետը տարաւ
Հեռու- հեռո՜ւ …
Հիմա կը հաւաքեմ
Բոլոր կարեւոր բառերը
Էականները
Էութիւն-ոգի-ճակատագիր-հոգեվարք
Եւ անոնց ցանցը կը փռեմ
Մեր վրայ
Որ անձրեւը չթրջէ մեզ
Բայց ոռոգէ հունտերը
Որ ծլին ծլին ծլին
Վաղուան հողերուն վրայ
Չուզեցի տեղագրել հոգեվարքը լեզուիս
Կայի դեռ եւ ինծի հետ քանի մը ուրիշներ
Որոնց համար ան վայր էր
էութիւն  կենսաձեւ
Ու եթէ պիտի վերջանայ
Թող վերջանայ անմահութեան
Ամուր հաւատքով
 1-Ակնարկ Տիգրան Արքային եւ Հալէպի բերդին 
 2-Հեքիաթասաց Ալիծ Աղպապեան
Մարուշ Երամեան