Հայաստանի Ազգային Ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց 3 Օգոստոսը որպէս 2014 թուականի Սինճարի եզիտիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր սահմանլու նախագիծը։ «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը Ազգային Ժողովը արտակարգ նիստին ընդունեց միաձայնութեամբ՝ ստանալով 79 կողմ ձայն:
Նախագիծը ներկայացուցած էր իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան՝ ազգութեամբ եզիտի պատգամաւոր Ռուստամ Բաքոյեան:
Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան յայտնեց կառավարութեան հաւանութիւնն ու ընդգծեց այդ նախաձեռնութեան նշանակութիւնը՝ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին ու նպաստը՝ հայ եւ եզիտի ժողովուրդներու բարեկամական կապերու ամրապնդումին։
Նիստին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սինճարի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան ականատեսներէն Ֆեյրալ Սայի Թալալ՝ Հայաստանի խորհրդարանին շնորհակալութիւն յայտնելով եզիտի ժողովուրդին աջակցութեան համար:

Յիշենք, որ 3 Օգոստոս 2014-ին «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումին կողմէ տեղի ունեցած են յարձակումներ եզիտիներուն բնակած Իրաքի Սինճար քաղաքին վրայ, ուր սպանուած է աւելի քան երեք հազար մարդ: Սովի, ծարաւի եւ անտանելի տոթին հետեւանքով մահացած է լեռներու մէջ ապաստան գտած մօտ հազար մարդ, աւելի քան 200 հազար եզիտիներ դարձած են փախստական, առեւանգուած են 13-էն 56 տարեկան շուրջ 5000 կիներ եւ աղջիկներ: Անոնց կեանքի պահպանման նախապայման եղած է իսլամի ընդունումը եւ ամուսնութիւնը ահաբեկիչներու հետ: