15-17 Ապրիլին Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի օդային ուժերը միատեղ զօրավարժութիւններ կատարած են։ Այդ մասին յայտնած է Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը։
Զօրավարժութիւնները ընթացած են Թուրքիոյ տարածքին։ Օգտագործուած են F-16 կործանիչներ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ զօրավարժութիւնները առնչութիւն չունին վերջին օրերուն տարածաշրջանին մէջ  ստեղծուած լարուածութեան հետ։
Կործանիչները պատկանած են ԱՄՆ-ի զինեալ ուժերուն։