Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան աճը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ, յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:
Պաշտօնական Երեւանը կոչ կ’ուղղէ առաջնահերթութիւն տալու երկխօսութեան:
«Անհրաժեշտ է խուսափիլ հետագայ առճակատումէն», արձանագրուած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան «Էքս»-ի էջին վրայ կատարուած գրառումին մէջ: