Տեսականօրէն Իսրայէլ կրնայ հարուածել Իրանը Ատրպէյճանի տարածքէն, ուր ան ռազմակայաններ ունի: Այս մասին NEWS.am -ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Ան յիշեցուցած է, որ Իսրայէլի անմիջական մասնակցութիւնը 44-օրեայ պատերազմին եւ Իրանի հետ սահմանի մօտ իսրայէլեան ռազմական կայաններու տեղակայումը Թեհրանի կողմէ չեն կրնար հանգիստ աչքով դիտուիլ, ինչ որ իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ Իրանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն վրայ:
«Ատրպէյճանի հնարաւոր ներգրաւումը հակաիրանական պատերազմին ատրպէյճանական կողմին համար վտանգներ կը պարունակէ, ուստի Պաքուն պէտք է կշռադատէ այդ վտանգները: Այս պարագային Ատրպէյճան ինքնուրոյն որոշում չի գոյացներ եւ ամէն ինչ կը համաձայնեցնէ Անգարայի հետ», յայտնած է Գանտահարեան:
Ան աւելցնելով ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններուն ընտրութիւններէն ետք, ընդլայնած է Անգարայի կախեալութիւնը ԱՄՆ-էն:
«Սա կը նշանակէ, որ Թուրքիա չի կրնար նման թոյլտուութիւն տալ Ատրպէյճանին՝ առանց ԱՄՆ-ի հաւանութեան: Եթէ խօսքը վերաբերէր մէկ իրավիճակի, երբ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւնները կը գտնուին լարուածութեան գագաթնակէտին,կարելի էր ենթադրել, որ Ատրպէյճանին կը յանձնարարուէր իր տարածքը տրամադրել Իրանի վրայ յարձակումներու համար: Բայց այդ լարուածութիւնը թուլցած է», ընդգծած է  Գանտահարեան:
Ըստ անոր, այս թուլացումը պայմանաւորուած է Ռուսիոյ մեկուսացմամբ, որ այժմ Արեւմուտքի գլխաւոր հակառակորդն է:
«Ֆրանսայի դեսպանը յիշեցուցած է, որ Փարիզն ու Թեհրանը կը պաշտպանեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ որ երկիրները նախանշած են որոշակի համագործակցութիւն: Ասիկա նոյնպէս Իրանի եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւններու փոփոխութեան ցուցանիշ է:
Իրանի համար կայ ռազմավարական կարեւոր երեւոյթ՝ Պարսից ծոց-Հայաստան-Վրաստան-Սեւ ծով-Եւրոպա նախագիծը: Քանի մը ամիս առաջ տեղեկատուութիւն եղաւ Հայաստանի հարաւը նախագիծի իրականացման գծով գործնական քայլերու ձեռնարկելու Իրանի պատրաստակամութեան մասին:
Այս նախագիծը չէր աշխատեր, եթէ Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ համաձայնութիւն չըլլար՝ նկատի առնելով վերջինիս ազդեցութիւնը Վրաստանի վրայ», ըսած է Գանտահարեան:
Ըստ Գանտահարեանի՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հիպրիտային պատերազմը կը շարունակուի, բայց չի վերածուիր լայնածաւալ գործողութիւններու:
Ան պարզած է, որ Կարմիր ծովի, Կազզայի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Իսրայէլի տարածքին բազմաթիրախային պատերազմ կ’ընթանայ, բայց անիկա չի յանգեցներ լայնածաւալ պատերազմի:
Գանտահարեան յիշեցուցած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանի սահմանազատման գործընթացը:
«Ատիկա  չէր կրնար տեղի ունենալ, եթէ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ համաձայնութիւն չըլլար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնց միջեւ լարուածութիւնը նուազած է», ըսած է ան:
Անոր կարծիքով, վերահսկուող քաոսի մասին քաղաքագիտական տեսութիւնը՝ բազմաթիրախ պատերազմի տեսքով առայժմ կը գործէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Գանտահարեան աւելցուցած է, որ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ձեւաւորման եւ խաղաղ բանակցութիւններուն կը նախորդեն սահմանափակ, բազմաթիրախ  զինուորական գործողութիւններ:
Ան յիշեցուցած է, որ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը ԱՄՆ-ին յայտնած էր, որ Թեհրանի գործողութիւնները սահմանափակ եւ թիրախային պիտի ըլլան եւ պիտի չյանգեցնեն լայնամասշտապ պատերազմի, սակայն անօդաչու թռչող սարքերով եւ միջցամաքային հրթիռներով Իսրայէլի վրայ Իրանի յարձակման փաստը ինքնին դարձաւ նախադէպ, ինչպէս նաեւ խաղի կանոններու փոփոխութեան նախանշան:
«Նախապէս Իսրայէլ հարուածներ կը հասցնէր  Իրանի սահմաններէն դուրս գտնուող իրանական յենակէտերու վրայ, իսկ վերջինս կը պատասխանէր Հըզպալլայի միջոցով: Սակայն այժմ Իրան ինքն է հարուածողը Իսրայէլի: Անկախ յարձակման արդիւնքներէն, կարեւոր է արձանագրել այս փոփոխութիւնը եւս: Բացի ատկէ, ԱՄՆ-ի Կեդր. Հետախուզական Վարչութեան ղեկավարը դիմած է թուրք գործընկերոջ, որպէսզի ան միջնորդ դառնայ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ: Այս ամէնը կարեւոր հանգամանքներ են տարածաշրջանին համար:
Կազզայի մէջ պատերազմի բռնկումը ոչնչացուց իսրայէլեան բանակի մասին առասպելները եւ բանեցուց անակնկալի գործօնը: Իսրայէլի նախաձեռնութիւնները յաճախ չեն անցնիր ԱՄՆ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն, քուէարկութեան պատկերը կը փոխուի, ԱՄՆ կոչի տեսքով Իսրայէլին թոյլ չի տար հարուածել Իրանը: Այս ամէնը կը խօսի իրավիճակի փոփոխութեան մասին: Որպէս զսպող գործօն հանդէս կու գան ոչ միայն ԱՄՆ-ն, այլեւ Իրանը, որ նոյնպէս խաղացող իրաւարար է», ընդգծած է Գանտահարեան։