Թուրքիոյ Առեւտուրի Նախարարութիւնը եւ Արտահանողներու Խորհուրդը զեկոյց հրապարակած են 2024-ի առաջին եռամսեակին կատարուած արտահանման ծաւալներու մասին։ Արձանագրուած է, որ այս տարուան առաջին եռամսեակին Թուրքիոյ արտահանման ծաւալները ընդհանուր առմամբ կազմած են 63,7 մլռ. տոլար։
Անդրադառնալով սահմանակից դրացի երկիրներ կատարած արտահանման ծաւալներուն՝ տեղեկագիրը կը պարզէ, որ 2024-ի Յունուարէն մինչեւ Մարտ Թուրքիա  կատարած է 5 մլռ. 948 մլն. տոլարի արտահանում։
Դրացի երկիրներու կարգին ամենաշատ արտահանումը կատարուած է Իրաք եւ էրպիլ (2 մլռ. 731մլն. 317 հազար տոլար), իսկ ամենաքիչ արտահանումը կատարուած է Հայաստան՝ 124.000 տոլար։