Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութիւնը հիմնուած է 1917-ին, Միացեալ Նահանգներու Կրանիթ Սիթի քաղաքին մէջ (Իլինոյ նահանգ): Միութեան երդիքին տակ համախմբուած են գլխաւորաբար սասունցիներու շառաւիղները, բայց նաեւ` մշեցիներ, պիթլիսցիներ, խնուսցիներ, ախլաթցիներ, մանազկերտցիներ, սղերդցիներ, պշերիկցիներ։
Հետզհետէ մասնաճիւղեր սկսած են կազմուիլ Ամերիկայի հայաշատ նահանգներուն մէջ ու Քանատա, նաեւ` Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Պուլկարիա, Յունաստան ու Ֆրանսա:

Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան զինանշանը մտայղացուած է 30-ական թուականներուն:

Հոն կը տեսնենք Տարօնի թեւաբաց արծիւը` ժայռէ բարձրադիր պատուանդանի մը վրայ կանգնած: Մագիլներուն մէջ ունի ուղղահայեաց մերկ սուր մը, որուն բռնակոթին տակ ամրօրէն սեղմած է օձի մը մարմինը` զայն երկուքի բաժնելէ ետք:

Իսկ պատուանդանին վրայ գրաբարով արձանագրուած է դարերու խորքէն եկող «Մամիկոնէից ուխտ»-ը.

«Քաջութեամբ մեռցուք ի վերայ աշխարհիս մեր եւ ի վերայ ազգիս մեր, եւ մի տեսցեն աչք մեր կոխան ոտից պղծալից լեալ զսրբարանս մեր» (թարգմանութիւնը` քաջութեամբ մեռնինք մեր աշխարհին ու մեր ազգին համար, եւ թող մեր աչքերը չտեսնեն մեր սրբարաններուն ոտնակոխ ըլլալն ու պղծուիլը)։

Հալէպի մէջ գործած է միութեան վարչութիւնը՝ առաւելաբար բարեսիրական աշխատանք տանելով եւ նպաստելով իր հայրենակից ուսանողներուն եւ աշակերտներուն կրթաթոշակներ տրամադրելով, կամ երկդի տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ ընտանիքնեդուն նիւթական օժանդակութիւն հայթայթելով։

Վերջերս վերակազմուած է Տարօն Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնը, որուն մաս կազմած են հետեւեալ հայորդիները.
Բժշկ. Ղազար Պօղոս ատենապետ
Մարալ Աւագեան ատենադպիր
Կարօ Սահակեան գանձապահ
Յովհաննէս Մանսուրեան հաշուապահ
Արաքսի Շատոյեան
Լիպարիտ Մուրատեան
Գաբրիէլ Ղազարեան
Մակար Մակարեան
Ռաֆֆի Աւետիսեան

Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութիւն
Հալէպ, 18 Ապրիլ 2024