ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑ (1899-1937)

(125-ԱՄԵԱԿ)

Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի ուսանողներ՝ Անի Մինասեան, Նայիրի Ազարիկեան եւ Թամար Քէօշկէրեան, իրենց դասապահերու ընթացքին, դասախօսին հետ ուսումնասիրած են Ակսել Բակունցի կեանքն ու գործը եւ պատրաստած ստորեւ ներկայացուած աշխատասիրութիւնը՝ գրողին  ծննդեան 125-ամեակին առիթով։
***
«Ծիրանի Փողը» պատմուածքը Ակսել Բակունցի ամէնէն նշանաւոր պատմուածքներէն մէկն է, որ մաս կը կազմէ «Սեւ Ցելերի Սերմնացանը» ժողովածուին:
Պատմուածքը կը սկսի ուղեգրութեան տետրակը թերթատելով: Հեղինակը կը վերյիշէ իր ճամբորդութիւնը դէպի Ձիանբերդ գիւղ, իր Ցոլակ ձիուն հետ:
Ձիանբերդի մէջ իր բարեկամը կը պատմէ գիւղի բնակիչներուն մասին: Անոնք Մոկանա գաւառէն, Տալւորիկէն եկած մարդիկ են, որոնք Եղեռնի ժամանակ տեսած են « ե՛ւ հուր, ե՛ւ պատերազմ, ե՛ւ ջարդ, ե՛ւ գաղթ» եւ ի վերջոյ հաստատուած են այս բարձր լեռան վրայ: Ինչպէս իրենց երկրին մէջ, այնպէս ալ այստեղ անոնք կը զբաղին հողագործութեամբ, իսկ ազատ ժամերուն կը պարեն իրենց լեռնականներու պարերը:
Ձիանբերդի մէջ կ’ապրի Հազրօ անունով մարդ մը, որ բոլորին ծանօթ է որպէս «լեռան գիւղերու ամենալաւ մարդը»: Անոր հայրենիքը եղած է քարոտ Սասունը, ուր անցուցած է իր ամբողջ մանկութիւնը՝ խաղալով այնտեղի քարափներուն վրայ եւ նուագելով քարանձաւներու ստուերներուն տակ:
Հազրոյին կը թուէր, թէ ինք մինչեւ մահ պիտի ապրէր իր պապերուն հողերուն վրայ եւ պիտի ցանէր կորեկ, հաւաքէր միրգ ու ցախ եւ լսէր հին զրոյցներ՝ Ձէնով Օհանի, Մսրայ Մելիքի եւ Թլոր Մանուկի մասին: Սակայն Ցեղասպանութիւնը վերջ դրած էր իր երազներուն ու ան իր կնոջ եւ աղջկան հետ եկած ու ապաստանած էր այս գիւղը:
Հազրօ Սասունէն իր հետ բերած էր իր կարմրաւուն ծիրանի փողը: Ան իր ծննդավայրին նկատմամբ իր սաստիկ կարօտը կ’արտայայտէր մերթ զուարթ եւ մերթ տխուր մեղեդիներ նուագելով: Անոր նուագի կանչերուն մէջ կար ե՛ւ թախիծ, ե՛ւ ջինջ ուրախութիւն եւ Վերջապէս կային «կարօտի հնչիւններ՝ վերադարձի եւ վերջին յոյսի»:
Հազրոյի հայեացքը միշտ ուղղուած էր դէպի Սասնայ լեռները ու ան յոյս ունէր, որ օր մը պիտի վերադառնար Սասուն եւ տեսնէր Մարութայ բարձր լեռը, պիտի առնէր իր ծիրանի փողը ու մարդոց նուագէր խաղաղութեան երգեր:
Հազրօ իր ծիրանի փողը պիտի կտակէր իր քաջարծիւ թոռնիկին:
Այս պատմուածքը գլխաւոր հերոս Հազրոն՝ Հազրէ Շատոյեանը, եղած է իրական դէմք, որ ծնած է Սասնոյ Փիրշենք գիւղը, 1881-ին: 1915-ին գաղթի ճանապարհին ան կորսնցուցած է իր կինը: Հասած է Գորիս՝ Բակունցի ծննդավայրը, ուր ապրած է շրջան մը, ապա անցած է Արցախ եւ ի վերջոյ հաստատուած է Աշնակ գիւղը:
Բակունց յաճախ այցելած է Հազրոյի տունը եւ հետագային գրած է իր յայտնի պատմուածքը:
Ձիանբերդ ապաստանած սասունցիները կը խորհրդանշեն ամբողջ արեւմտահայութիւնը, որ հայրենի հողէն հեռու ապրելով հանդերձ՝ կառչած կը մնայ իր տոհմիկ աւանդութիւններուն, բարքերուն ու սովորութիւններուն եւ զանոնք որպէս մասունք ժառանգ կը թողու յաջորդ սերունդներուն:
Հազրոյի ծիրանի փողէն ելած ծուխը կը խորհրդանշէ հայրենիքի կարօտը, որ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ կը բոցավառի: Միեւնոյն ժամանակ անոր նուագի կանչերը հայ ժողովուրդին ուղղուած պայքարի կոչն է, որ շատ նման է Ձէնով Օհանի կանչին: Ան կը խրախուսէ հայ ազգը, որ որպէս փիւնիկ մոխիրներէն յարութիւն առնէ եւ տէր ու պաշտպան կանգնի իր պապերուն ժառանգած հողերուն:
Նայիրի Ազարիկեան