ՍՕ Խաչի «Մեղրի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը հանդիսաւոր կերպով յիշատակեց Մայրերու օրը Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, ներկայութեամբ հայր Եսայի Աբղ. Էօրտէքեանի՝ հոգեւոր տեսուչ Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչին, Քեսապի ուսումնական, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ խաչուհիներուն։

Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՕՄ-ի եւ ՍՕ Խաչի զոյգ քայլերգներով, ապա ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած խաչուհիներուն եւ մայրերուն։

Օրուան հանդիսավար Զարուհի Հանէսքէհեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց բոլորին Մայրերու տօնը, ապա բեմ հրաւիրեց վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Սաղտճեան բացման խօսքը ուղղելու։
Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Մայրերու օրը մայրութեան ընծայուած յարգանքի արտայայտութեան եւ փառաբանութեան օր մըն է, եւ այս յարգանքը մայրութեան ընծայելը վսեմ պարտականութիւն մըն է, որուն արժանի է մանաւանդ դարերու ընթացքին տառապած հայ մայրը։ Յիշելով Արամ Ա. Հայրապետին 2024 տարին մարդուժի տարի հռչակելը, ան ըսաւ. «Ահաւասիկ մարտահրաւէր մը, որ կը դրուի իւրաքանչիւր հայորդիի առջեւ։ Մարդը ուժ է, պէտք է երկրի բոլոր կառոյցներուն»։ Սաղտճեան անդրադարձաւ նաեւ տասը տարի առաջ՝ 21 Մարտ 2014-ին Քեսապի երրորդ տեղահանութեան եւ վերադարձին ու ըսաւ. «Կրնանք հաստատել, որ Քեսապ տակաւին կ’ապրի եւ պիտի շարունակէ շնչել հայօրէն՝ այնքան ատեն որ հոն կենդանի է տոհմիկ մշակոյթ մը իր բարբառով, երգով ու պարով, եկեղեցիով ու ժողովուրդին հաւատքով։ Հայաւանը պիտի շարունակէ ուշադրութեան առարկայ դառնալ որպէս արեւմտահայ գիւղի վերջին մնացորդացը` իր անցեալով, ներկայով ու մանաւանդ ապագայով»։

Այնուհետեւ օրուան հանդիսավարը պարբերաբար ընթերցեց տօնին առնչուող մէջբերումներ, հերթաբար հրաւիրելով գեղարուեստական յայտագիրի հետեւեալ մասնակիցները.
•Մեներգ` Միրնա Տէմիրճեան, «Ով Հայոց Մայրեր»
•Ասմունք` Թամար Քէշիշեան, Յովհաննէս Շիրազի «Մօրս Բանաստեղծութիւնը»
•Խմբային պատկեր՝ դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած
•Երկխօսութիւն` Էլօ Չէլէպեան եւ Սիլվա Աշըգեան, «Մայրս Յիշողութեանս Մէջ» վերնագիրով
•Մեներգ`Անդրանիկ Հանէսքէհեան, «Գիշեր Ցերեկ»։
Օրուան բանախօս Սօսի Կարճիկեան անդրադարձաւ հայուհիին ազգային կեանքը յանձնառու մասնակցութեան՝ պատմութեան տարբեր փուլերուն, իր օրինակելի վարքագիծով, զոհողութեամբ եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանութեամբ։ Ապա անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Հայրապետին 2024-ը մարդուժի պատրաստման տարի հռչակելու իրողութեան, կեդրոնացաւ «Մոսլո»-ի մարդկային կարիքներու բուրքին, զորս օգտագործելով հայ մայրը կը կերտէ ազգին նուիրեալ հայ անհատներ, որոնք կը ծառայեն նաեւ հայկական միջավայրին։

ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց Սօսի Աթիքեան, որ ողջունեց եւ շնորհաւորեց ներկաները յանուն Շրջանային Վարչութեան։ Ան բարձր գնահատեց խաչուհիները, որոնք իրենց մայրութեան հսկայ պարտաւորութեան կողքին կը ծառայեն ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքէն ներս՝ ազգանուէր ոգիով։ Ապա իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ. «Սիրելի՛ խաչուհիներ, միշտ եղէ՛ք պատնէշի վրայ, մնացէ՛ք զօրաւոր եւ կանգուն, հաւատարմօրէն ծառայեցէք՝ յանուն հայ ժողովուրդի բարգաւաճման ու վերելքին»։

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ հայր Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան ու շնորհաւորեց բոլոր մայրերուն տօնը՝ բարձր գնահատելով խաչուհիներուն տարած աշխատանքը եւ ներկայացուած յայտագիրը, ապա «Պահպանիչ»-ով փակեց օրուան հանդիսութիւնը։

Աւելցնենք, որ հանդիսութեան իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ յուշանուէր մը, որ պատրաստուած էր վարչութեան կողմէ։

Սօսի Աթիքեան
Քեսապ