Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Դամասկոսէն ժամանած թրքական հարցերու վերլուծաբան դոկտ․ Սարգիս Պուրնսուզեանի։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, դոկտ. Սարգիս շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով, անոր մաղթելով առողջութեամբ, արեւշատութեամբ եւ օրհնաբեր ծառայութեամբ լեցուն տարիներ։ Այս առիթով, ան Սրբազան Հօր արծաթեայ հայկական կրծքախաչ մը նուիրեց։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով կատարեալ յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթեց դոկտ. Սարգիսին։