Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8։00֊ին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109֊րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս։

Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեանբ յարգելով 1,5 միլիոն մեր նահատակներուն յիշատակը, որմէ անմիջապէս ետք Սեւան Չէլէպեան ներկայացուց բացման խօսքը յայտնելով, որ 109 տարիներ անցած են ցեղասպանութենէն, սակայն հայը կ՚ապրի ու պիտի ապրի ազգովին, իր լեզուով, մշակոյթով, իր հայկականութեամբ եւ ազգի ու հայրենիքի ամբողջականութեան գաղափարով։ Հայ ժողովուրդը ունեցաւ եւ պիտի շարունակէ ունենալ մէ՛կ տեսլական, մէ՛կ երազ՝ ԱԶԱՏ ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ։
Գեղարուեստական յայտագիրը կ՚ընգրկէր կենդանի պատկեր, որուն ընդմէջէն խումբ մը երիտասարդներ ներկայացուցին «Պայքար մինչեւ մահ» խորագիրով բեմական պատկեր մը, որմէ ետք Ժոզէֆ Պօղոս Պոճիւքեան մեներգեց «Կռո՛ւնկ Գնա» երգը, ապա խումբ մը երիտասարդներ ներկայացուցին Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն» բանաստեղծութիւնը։

Օրուան բանախօսն էր Հայր Եսայի Էօրտէքեան։ Ան յիշեց 1915-ին կատարուած ցեղասպանութեան փուլերը, Ինչպէս նաեւ յիշեց Քեսապի երեք տեղահանութիւնները, որոնք մեծ ազդեցութիւն թողած են քեսապցիին վրայ, սակայն քեսապցին միշտ ամուր պահած է իր ինքնութիւնն ու հաւատքը, պայքարած է իր հողին համար, զայն կրկին նորոգած ու շենցուցած է։

Ետքը տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրւթիւն, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն պայքարին ու յաղթելու կամքին։ Ժոզէֆ Հրաչ Պօճիքեան արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Պիտի Իյնաս» քերթուածը։

Ձեռնարկի աւարտին խումբ մը երիտասարդներ
Ներկայացուցին երգերու շարան մը։

Հուսկ գիւղիս հոգեւոր տեսուչ հայր Եսայի Էօրտէքեան «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց յուշ-երեկոն։

Աստղիկ Դանիէլեան