Հայ Երիտասարդաց Միութեան կազմակերպութեամբ, գործակցաբար Հալէպի Արեան Պահեստանոցի Տնօրէնութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով սկսած արեան տուչութիւնը աւանդութիւն դարձաւ։ Արարողութիւնը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախի, Կազզայի եւ Սուրիոյ նահատակներուն:

Արեան Տուչութեան արարողութիւնը սկսաւ Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան ժամը 9։00-էն, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը։

Արարողութեան մասնակիցները դիմաւորեց ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը՝ ազգային եւ հայրենասիրական նուագներով:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան հայ երեք համայնքապետները, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդականը, ՀՀ Հալէպի Մարդասիրական Առաքելութեան հրամանատարն ու 14-րդ խումբի պատասխանատուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը, հայ քաղաքական երեք կազմակերպութիւններու եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները, պաղեստինեան «Քուտս» գումարտակի քաղաքական թեւի պատասխանատուն, Իրանի Դեսպանատան ներկայացուցիչը, Հալէպի Արեան Պետական Պահեստանոցի տնօրէնը, Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբը, հալէպահայ բարեսիրական, մշակութային, մարզական, երիտասարդական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հայերէն բացման խօսքով Մարիա Մալաքեան-Գրտանեան շեշտեց, որ հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու բարեկամութեամբ սկսուածը պսակուեցաւ եղբայրութեամբ: Ան շեշտեց, որ արեան տուչութիւնը աւելի մտերիմ կը դարձնէ մեզ Սուրիոյ ժողովուրդին հետ եւ մեր երախտագիտութեան արտայայտութիւնը կը դառնայ։

Արաբերէն բացման խօսքով Լուսին Կրպոյեան-Նալպանտեան վերյիշեց 1915-ին մեր ժողովուրդին վիճակուած չարչարանքներն ու տառապանքները, որոնց յաջորդեցին տեղահանութիւնն ու արեան ճանապարհը՝ Եփրատ գետի ափէն մինչեւ Տէր-Զօրի անապատ, ու հակառակ Օսմանեան Կայսրութեան հայերուն ապաստան չտալու, այլեւ սպանելու հրամանին, իրենց հայրենիքէն վտարանդի դարձած հայ գաղթականները գրկաբաց ընդունուեցան Սուրիոյ արաբական ցեղերուն կողմէ:

Աւարտին Խօսք առաւ «Քուտս» գումարտակի քաղաքական թեւի պատասխանատու՝ Ատէլ Ապտուլ Հաք։ Ան նախ յարգանքի խօսք ուղղեց բարեկամ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, ապա Սուրիոյ վերջին պատերազմի նահատակներուն, որոնք դարձեալ զոհ գացին Օսմանեան արիւնարբու կայսրութեան ժառանգորդներուն: Կայսրութիւն մը որ այլատեացութեան, ահաբեկչութեան հիմերու վրայ հաստատուած է:
Ապտուլ Հաք աւելցնելով ըսաւ, որ Պաղեստինի ներկայ իրավիճակը եւ ժողովուրդին կրած դժուարութիւնները արդիւնքն են նոյնանման հրէական բարբարոսութեան: Ան անդրադառնալով ներկայ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան դիտել տուաւ, որ թուրք պետութիւնը կը փորձէ որպէս իսլամ պետութիւն ներկայանալ արաբական աշխարհին, կրօնական գոյնով իր պատկերը փայլեցնըլ փորձելով, իրականութեան մէջ սակայն ան արաբական մահերուն դէմ կը գործէ ու ինչպէս միշտ, այսօր եւս Իսրայէլի գործակիցն է։ Այս իրողութիւնը արեւի պէս յստակ է մեր բոլորին։ Ուստի կարելի չէ շահագործել կրօնքը՝ դաւադրական ու ցեղասպանական ծրագիրներու մաս կազմելով մէկտեղ մոլորեցնելու արաբ հանրային կարծիքը։
Ապտուլ Հաք խօսքը եզրափակելով շեշտեց, որ հարկ է երկու ժողովուրդներուն գործակցութիւնը խթանել, որպէսզի հայկական դիմադրութեան ոգիով եւ արաբական անկոտրում կամքով թրքական եւ հրէական բռնութիւններուն մէկընդմիշտ վերջ տանք ու մեր դատը լուծման առաջնորդենք։

Օրուան ընթացքին շուրջ 160 հայորդիներ եւ այլազգի ներկաներ իրենց արիւնը նուիրաբերեցին Սուրիոյ ժողովուրդին՝ յանուն եղբայրութեան եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Սեսիլ Պազարպաշեան
Համազասպ Շաքարեան