Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։

Յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։ Պատարագին սպասարկեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։

Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր 24 Ապրիլը մեզի համար կոչ է առաւել եւս զօրացնելու մեր պահանջատիրական գիտակցութիւնը, առաւել եւս արթուն եւ զգօն ըլլալու մեզի շրջապատող այլասերման վտանգաւոր հոսանքներուն դէն, հաւատարիմ մնալու մեր նահատակներու կտակին եւ մեր զաւակները հայեցի դաստիարակութեամբ հզօրացնելու՝ միշտ վառ պահելով հայ լեզուն եւ մշակոյթը, մեր ազգային ինքնութիւնը, որոնց համար 109-տարի առաջ մեր նախահայրերը իրենց կեանքը զոհեցին»:

Պատարագի աւարտին հոգեշնորհ հայր սուրբը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Գերյարգելի Տ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը, քահանայ հայրը, Յարաբերական Մարմինի եւ Ճեզիրէի շրջաններու՝ Տերիքի, Հասիչէի եւ Գամիշլիի ազգայիններ եւ հոծ բազմութիւն մը թափօր կազմած ուղղուեցան Ազգային Առաջնորդարանի շրջափակ, միանալով ՀՄԸՄ֊ ի փողերախումբին եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան, ուր տեղի ունեցաւ ապրիլեան նահատակներու յուշակոթողին դիմաց ծաղկեմատոյց։

Ծաղկեմատոյցը կատարեցին եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին արաբ աշիրաթապետը, պետական պատասխանատուներ եւ Գամիշլիի հայութիւնը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն