Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնաքապետներուն, կազմակերպութեամբ հալէպահայ կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024 -ի երեկոյան ժամը 7:00-ին Հալէպի «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական կեդրոնական հանդիսութիւն։
Սրահին մուտքին հանդիսականները դիմաւորուեցան ՀՄՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային եւ հայրենասիրական նուագներով։
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ.ԱԱրք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ.Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, ՀՀ մարդասիրական խումբի ղեկավար Արկատի Տօնոյեանն ու 14-րդ խումբի պատասխանատուն, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, հոգեւոր հովիւներ, առաքինազարդ քոյրեր, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններու, մշակութային բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Բեմը յարդարուած էր ծաղկեպսակներով, Հայաստանի, Սուրիոյ ու Արցախի դրօշներով, իսկ ճակտին զետեղուած էր լայն լուսապաստառ մը, որուն վրայ հանդիսութեան ողջ ընթացքին կը ցուցադրուէր Ծիծեռնակաբերդը եւ ներկաները կը տեղափոխուէին այնտեղ։

Օրուան բեմավար Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան հանդիսութեան բացումը յայտարարեց Սուրիոյ, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ եւ մէկ վարկեան լռութեամբ՝ յարգելու մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը։

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական կեդրոնական հանդիսութիւնը պահանջատէր հայորդիներով ողողեց «Գ.Եսայեան» սրահը։

Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Սեպուհ Պապիկեան։ Ան ողջունելէ ետք ներկաները հաստատեց, որ 24 Ապրիլը աշխարհասփիւռ եւ հայրենի հայ ժողովուրդին համար եղած է Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման օր։ Առ այդ, իւրաքանչիւր հայու պարտքն է խոնարհիլ յիշատակին առջեւ 1,5 միլիոն անմեղ նահատակներուն, որոնք զոհ գացին Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան։ Ան վեր առնելով մեր արդար դատին եւ պահանջատիրութեան յաղթական աւարտին հասնելու կամքը ըսաւ. «Կը հաւատանք, որ բարբարոս թուրքը անպայմանօրէն հաշիւ պիտի տայ մէկուկէս միլիոն հայ սպանդի ենթարկած ըլլալուն, արեւմտահայութիւնը հայրենազուրկ դարձնելուն, անոր հարստութիւններուն տիրանալուն եւ այս բոլորը ուրանալուն համար»։

Արաբերէն բացման խօսքով Սիլվա Ղազարեան երախտագիտութիւն յայտնեց սուրիացի ժողովուրդին եւ իշխանութեան՝ հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերած հիւրընկալ եւ ազնիւ վերաբերմունքին համար, որուն իբրեւ հետեւանք Սուրիոյ մէջ արդիւնաւորուեցան հայուն ջանասիրութիւնն ու կամքը: Ապա դատապարտելով ցեղասպանութիւն գործողներուն անպատիժ թողելու իրողութիւնը իր խօսքը ուղղեց Արեւմուտքին ըսելով. «Ո՞ւր են այսօր ձեր մարդկութիւնն ու արդարութիւնը, երբ Իսրայէլ ամբողջ աշխարհին առջեւ կը տեղահանէ ու կը կոտորէ Կազզայի ժողովուրդը, առանց խնայելու փոքրերն ու ծերերը, կրկնելով թուրքին ու ազերիին արարքը։ Ո՞ւր էր ձեր մարդկութիւնն ու արդարութիւնը երբ Ատրպէյճան չխնայելով արցախահայութիւնը, տեղահան ըրաւ բնիկ ժողովուրդը իր հայրենիքէն, իսկ հիմա ազերին աւերելով հայկական կառոյցներն ու հնութիւնները կը փորձէ անհետացնել արցախահայուն հետքը իր իսկ ծննդավայրէն»:

Բացման խօսքերուն յաջորդեց ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «Կոմիտաս»-ի անուան սենեկային նուագախումբին ելոյթը, խմբավարութեամբ բժիշկ Սարգիս Իսկէնեանի։ Նուագախումբը յաջորդաբար ներկայացուց Կոմիտասի «Երկինքն Ամպել Ա», Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Արի Իմ Սոխակ» եւ Արամ Խաչատորեանի «Օրօր» երաժշտական կտորները։

Խմբային ասմունքով Կրթասիրաց Մշակութային Միութենէն Նայիրի Օհանեան-Մարգարեան, Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութենէն Արփի Գրտանեան, Հայ Աւետարանական Ջանից Ընկերութենէն Լոռի Մաթոսեան եւ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւնէն Յակոբ Շաքարեան մեկնաբանեցին Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի,Վահան Թէքէեանի, Վահան Տէրեանի եւ Արմէն Աւետիսեանի բանաստեղծութիւններէն համադրութիւն մը։

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան անդամ Աւետիս Չէրչեան մեներգեց «Տուն Իմ Հայրենի» երգը։

Օրուան բանախօսն էր Պէյրութէն ժամանած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Մարմինի ատենադպիր Վիգէն Թոսունեան։ Ան լուսարձակի տակ առաւ Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի ներկայ ռազմաքաղաքական զարգացումներու ընդհանուր վիճակը եւ Արցախի հայաթափումը։ Ապա դատապարտեց Արցախի ազգային եւ պետական դէմքերու ձերբակալումը։ Անդրադառնալով Կազզայի մէջ տիրող կացութեան, զայն որակեց նոր ցեղասպանութիւն եւ հարց տալով զարգացած համարուող գերպետութիւններուն ըսաւ. «Ե՞րբ պիտի դադրի այս անպատժելիութեան հոլովոյթը։ Գերպետութիւններ ե՞րբ պիտի դադրեցնեն ցեղամոլ ժողովուրդներուն եւ միապետներուն օրէնքը արհամարհող ընթացքը»։

Ապա աւելցնելով ըսաւ. «Երբ անպատժելի ու անհատոյց մնաց հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը, շատ մը երկիրներու մէջ կրկնուեցան ցեղասպանական արարքներ 20-րդ դարուն ընթացքին ու կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Կազզայի մէջ եղածը կրկնօրինակն է հայոց դէմ կատարուածին։ Ան նմուշ մըն է մարդկային, քաղաքական անզօրութեան, որուն իբրեւ հետեւանք երեխաներ ու կիներ կը սպանուին օր ցերեկով, սովամահ կը դառնան, ռմբակոծումներու կ՛ենթարկուին մարդկային անխիղճ համակարգի մը աչքերուն առջեւ»։

Կեդրոնանալով Հայ Դատի պահանջատիրութեան ու հատուցումի համար մղուող պայքարին յաջողութեան վրայ, ան կարեւոր համարեց հայ ժողովուրդի միասնութիւնն ու համախմբումը ըսելով. «Միայն ու միայն մեր միասնական ըլլալու կամքն է, որ կրնայ յաղթանակի առաջնորդել ու մեկնակէտ դառնալ մեր ժողովուրդի պայքարի յաջողութեան։ Ժամն է համախմբուելու ազգովին, մեր աշխատանքը կեդրոնացնելու գիտական հիմերու վրայ դրուած լուրջ ծրագիրի մը վրայ, համախմբելու մեր տաղանդաւոր երիտասարդները, յարգելու եւ աշխատանքի մղելու զանոնք՝ գործին ու անոր արդիւնքին նկատմամբ հաւատք սերմանելով անոնց մէջ։

Բանախօսը ամփոփելով իր միտքը եզրափակեց.
«Հզօր պետութիւնն է, որ կը յարգուի բոլորին կողմէ ու ինքզինք կը պարտադրէ միջազգային կառոյցներուն մէջ»:

Այնուհետեւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղ․ ղեկափարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեանի յաջորդաբար ներկայացուց «Ո՛վ Հայոց Աշխարհ», «Գարուն Ա», «Կռունկ, Բարով Դառնաս» եւ «Հայաստան» երգերը։

Հանդիսութեան աւարտին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց ոգեկոչական կեդրոնական հանդիսութեան յանձնախումբին եւ բանախօսին ու օրուան խորհուրդին անդրադառնալով ըսաւ․ «Այսօրուան մէկ ու կէս ժամուան ներկայացումը իր գեղեցկութեամբ, վսեմութեամբ, Աստուածային կնիքով կուգայ մեզի անգամ մը եւս յիշեցնելու հայուն խաղաղասէր եւ բարձրագոյն արժէքներով զարդարուած նկարագիրը եւ խթան կը հանդիսանայ մեր մէջ աւելիով թրծելու, զսպանակելու ու բոցավառելու հայու հոգին, ոգին ու նկարագիրը եւ առաջնորդելու մեզ դէպի պայքար։ Սրբազան հայրը շեշտեց, որ արդարութիւնը նսեմացած է աշխարհի տարածքին, հետեւաբար որպէս ազգ պէտք է իմաստութեան թրծուինք հասկնալու թէ մեր տարածաշրջանին մէջ ինչ կանցնի կը դառնայ, ու մենք ինչպէս պիտի օգտուինք ներկայ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններէն, առանց կորսնցնելու մեր հայրենիքն ու ազգութիւնը։ Սրբազան հայրը հիմնուելով Աստուածաշունչի պատգամին վրայ յորդորեց աղօթել նաեւ մեր ղեկավարներուն համար, որպէսզի այս անարդար աշխարհին ու ծանր կացութեան մէջ իմաստութիւն ունենան ազգն ու հայրենիքը կործանումներէ փրկելու եւ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ ու լուսաւոր ապագայ առաջնորդելու, առանց արհամարհելու մեր ազգային արժէքներն ու կրօնաբարոյական սկզբունքները։

Ապա սրբազան հայրը հանդիսութիւնը փակեց «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ծովակ Տէր Յովհաննէսեան
Քրիստ Քարամանեան