Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024_ին, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի աշակերտները «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս կոկիկ յայտագիրով ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 109_րդ տարելիցը ներկայութեամբ՝ Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի, Ազգ. Վարչութեան անդամ Վաչէ Ճուհարեանի, Ուսումնական Խորհուրդի անդամուհի Արփի Սանոսեան _-Զէյթճեանի, վարժարանիս հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ
ուսուցչական կազմին։

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք օրուան
Հանդիսավար ուսուցչուհի Լուսի Կրպոյեան հրաւիրեց հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Ալին Գազանճեանը, որ տեսերիզի ցուցադրութեամբ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հանգրուաններուն եւ Ծեծեռնակաբերդին մասին, ապա հանդիսավարը պատմեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Մատրան եւ Նեմեսիսի գործողութեան մասին։
Աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին գեղարուեստական յայտագիրով ։ Անոնք արտասանեցին Յովհաննէս Շիրազի <<Մենք Եւ Դուք >> եւ Պարոյր Սեւակի ” Կանք Պիտի Լինենք ” բանաստեղծութիւնները։Ապա աշակերտ մը կիթառի վրայ նուագեց” Ատանայի Կոտորածը”։ Վեցերորդ կարգի աշակերտները բեմ բարձրացան եւ արտասանեցին Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի ” Ասացուածք Ծառ Տնկելու Առթիւ” բանաստեղծութիւնը հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարալ Ապլաքեանի ցուցմունքներով , ապա հանդիսավարը ընթերցեց Պահանջատիրութեան Ուխտը ։ Աշակերտները վճռակամութեամբ ուխտեցին հաւատարիմ մնալ 1,5 միլիոն նահատակներու կտակին ու խոստացան շարունակել նախնիներուն երթը : Բեմին Յաւերժութեան Տաճարի յենասիւներուն վրայ աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին եւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։
Աւարտին տնօրէնուհի տիկ. Նայիրի Քէօշկէրեան_ Բանոյեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց նշելով , որ 24 Ապրիլը պայքարի եւ վրիժառութեան օր է :Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրը պատրաստող ուսուցչուհիներուն՝ իրենց տարած բծախնդիր աշխատանքին համար։
Յայտագիրը պատրաստած էին հետեւեալ ուսուցչուհիները՝ Մարալ Չէրչեան, Լուսի Կրպոյեան, Ալին Թումիկեան, Ալին Գազանճեան, Անժելա Քէլաղայեան, Նուարդ Տէմիրճեան եւ Աննա Գազէզեան։
Տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց քահանայ հայրը օրուան պատգամը փոխանցելու համար: Ան սրբազան հօր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն ու յորդորեց աշակերտները հեռանալ անտարբերութենէն եւ պահանջատէր ըլլալ իրենց իրաւունքներուն նկատմամբ։

Ապա ուսուցչուհիները բեմ հրաւիրուեցան եւ ծաղիկներ զետեղեցին ի յիշատակ մեր սուրբ նահատակներուն։

Ոգեկոչման հանդիսութիւնը
«Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ ։

Սեւան Տէիրմէնճեան