Կազմակերպութեամբ Քեսապի հայ երեք համայնքներուն եւ մասնակցութեամբ քեսապահայ միութիւններուն, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ, նշանաբան ունենալով՝
« ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԱՄՔՈՎ ԴԷՊԻ ՅԱՌԱՋ » խորագիրը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Քեսապի Հայ երեք համայնքներուն հոգեւոր հովիւները, պետական պաշտօնեաներ, ազգայիններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Քեսապահայ հոծ բազմութիւն։

Օրուան հանդիսավարներ՝ Մեղեդի Աբէլեան եւ Յովիկ Դանիէլեան, ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ՝ Գերապատիւ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պահանջատիրութիւնը կ’ենթադրէ լուրջ նախաձեռնութիւն եւ հստակ ծրագիր, պէտք չէ բաւարարուինք հայրենասիրական եւ ազգապահպանման ջահերով, երգերով եւ կամ նոր ճանաչում հայցելու գերպետութիւններէն, որոնք անկասկած իրենց պատասխանատուութեան բաժինը ունին Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ»: Ան նաեւ անդրադարձաւ միասնական աշխատանքի անհրաժեշտութեան՝ առանց հատուածական , կուսակցական, հարանուանական, միութենական հայրենասիրական եւ այլ կազմակերպութիւններու բաժանարար գործելաոճին եւ նուիրուիլ նոր սերունդի ներդրումը ապահովելու պահանջատիրութեան սրբազան աշխատանքին մէջ:

Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուեցաւ երկու բաժինով, ուր ներկաները ներշնչեց հայրենասիրական ոգիով:

Ա. բաժինը կ’ընդգրկէր մեներգ՝ Լուսին Քիւրքճեան «Հայաստան», նուագի ընկերակցութեամբ՝ Էտի Ծիծաղեանի, ասմունք՝ Մեղրի Մալաթչալեան (Զ. կարգ) Սիամանթոյի «Պարը», կենդանի պատկեր՝ ներկայացուցին Ազգ. Ուսումն. Միացեալ ճեմարանի խումբ մը աշակերտներ «Յաղթանակի Երազով» խորագիրով:

Յայտագրի Բ. Բաժինը կ’ընդգրկէր, մեներգ՝ Սալբի Թիթիզեան «Առի Իմ Սոխակ», դաշնամուրի նուագագցութեամբ՝ Անի Պոյմուշագեանի, ասմունք՝ Աստղիկ Դանիէլեան Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»ը , տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ Արարատ լեռան մասին, որմէ ետք մեներգ՝ Միրնա Տէմիրճեան «Արարատի կանչը»: Յայտագրի աւարտին Կիլիկիա երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց՝ «Ատանայի կոտորածը», «Լեռան լանջին» եւ «Թիկունքդ լայն» երգերը, ղեկավարութեամբ Հայր Եսայի աբղ. Էօրտէքեանի, նուագի ընկերակցութեամբ Էտի Ծիծաղեանի :

Օրուան բանախօսն էր Այնճար հայաւանէն ժամանած, լրագրող եւ հրապարակախօս՝ Եսայի Հաւաթեան: Պատգամախօսը Քեսապահայ ժողովուրդի հարազատ լեզուով ներկայացուց իր պատգամը: Ան պատմական ակնարկով մը լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդի ապրած դաժան կեանքը, թշնամիներուն կողմէ յաճախակի հալածանքներն ու կոտորածները, հայ ժողովուրդի բարձր գիտակցութիւնը, անկոտրուն կամքը ու հաւաքական ուժով պայքարը, որ կրցած է պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, դիմադրել թշնամիին հալածանքները: Ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Քեսապի երեք տեղահանութեան, քեսապցիի ամրակուռ կամքին, որ ամուր կառչած է իր հողին սահմանակից ըլլալով թուրք վայրագին:
Ան օրուան խորհուրդը ներկայացնող հարցեր ներկայացուց եւ վերլուծումներ փոխանցեց ժողովուրդին, թէ՝ ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը եւ թուրքը յաջողա՞ծ է իր ծրագիրներուն մէջ: Ապա ներկայացուց հայութեան ներկայ վատ իրավիճակը եւ շեշտեց սեփական ուժերուն վստահելու անհրաժեշտութիւնը:
Պատգամին աւարտին ան ըսաւ.«Ժողովո’ւրդ, մի’ յուսահատիր, մենք ասկէ շա՛տ գէշ պայմաններէն դուրս եկած ենք: Ժողովո’ւրդ, ոտքի կեցի’ր, պատրաստ կեցի’ր, որովհետեւ մեր ուժն ու ոգին մեր արիւնին մէջն է եւ այդ միայն մեզ կը պահէ» :

Յայտագիրի աւարտին՝ պատուելի Շանթ Ակիշեանի եզրափակիչ խօսքով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը:
Այնուհետեւ գլխաւորութեամբ հայ երեք համայնքներու հոգեւորականներուն, առաջնորդութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին եւ սկաուտական շարքին, Քեսապահայերը ուղղուեցան դէպի Մեծ Եղեռնի յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց եւ բարեխօսութեան կարգ յիշելու եւ յարգելու աւելի քան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակները:

Ոգեկոչումը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Մարինա Բենդէզեան