Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք.Աշգարեանի , կազմակերպութեամբ «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան եւ միութիւններու`համազգային «Լ.Շանթ», ՀՄԸՄ-ի ,Ս.Օ.Խաչի «Էրեբունի» , ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» եւ ՍՊՄ -ի «Ռոստոմ» մասնաճիւղերու վարչութեանց , տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի նուիրուած հանդիսաւոր ոգեկոչում, Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ , 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սայիտէթ Տիմաշք» եկեղեցւոյ ներքնքսրահէն ներս։

Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի միաբան Հոգշ. Տէր Մանուկ Վրդ.Պարիխանեան, Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհի.Տէր Գէորգ Եպս.Ասատուրեան եւ համայնքի ժողովրդապետ Գերպ. Տէր Գէորգ Ծայր.Վրդ. Պահէեան, «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչը , մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու շրջանայինի եւ վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ.Միացեալ ճեմարանի տնօրէնուհին եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը, հիւրեր եւ հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը։

Սրահի մուտքին ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը դիմաւորեց ժողովուրդը իր պատրաստած որմնազդներով, որ կը պարունակէր Ապրիլ 24-ի խորհրդանշանը, նահատակ դէմքերու մասին տեղեկութիւններ, երիտասարդութեան խօսքը, ՍԵՄ-ականներուն կատարած յարգանքի ու ծաղկեմատոյցի ձեռնարկէն յատկանշական նկարներ նահատակներու յուշակոթողին դիմաց եւ օրուան յայտագիրը։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ներկաներուն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով հայոց ցեղասպանութեան, հայրենիքի ու Արցախի նահատակներուն յիշատակը, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ հնչեցին Սուրիոյ եւ հայաստանի զոյգ քայլերգները։

Օրուան հանդիսավար Յակոբ Շիրինեան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները , եւ յայտնեց , թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 109_ ամեակը
մեր մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին
յարգանքի տուրք մատուցելու եւ պահանջատիրական մեր ուխտը վերանորոգելու օր է , շարունակելու պայքարը մինչեւ հայ ժողովուրդի ազգային ու արդար իրաւունքներուն վերականգնում։

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սոնա Անտրեան, դիտել տալով, որ 24 Ապրիլը` 1,5 միլիոն նահատակները յիշելու, յարգանքի տուրք մատուցելու օր ըլլալու կողքին, ուխտի վերանորոգման օր է: Մեր նահատակներուն սրբազան կտակին հաւատարիմ մնալու մեր յանձնառութիւնը վերահաստատելու օր` ի խնդիր մեր անժամանցելի ու արդար դատին։

Ան խօսքը շարունակելով , լուսարձակի տակ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրեպետին 2024-ը մարդուժի պատրաստման տարի հռչակման հրամայականն ու պատեհառիթը ըսաւ .
«Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ մեր երիտասարդները առանձնայատուկ դերակատարութիւն ունին իրենց խօսքով , գործով եւ քարոզչական աշխատանքով: Մենք կը հաւատանք, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն ու պահանջներուն համահունչ գործելաոճով եւ ուսմամբ ու գիտութեամբ զինուած մեր երիտասարդները կարելիութիւն ունին առաւել կազմակերպուածութեամբ վճռորոշ դեր ստանձնելու հայ դատի արդար լուծման համահայկական աշխատանքներուն մէջ»։

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան խումբ մը երիտասարդներ եւ պատանիներ , որոնք ասմունքով, երգով ու երաժշտութեամբ արտայայտնեցին իրենց պահանջատիրութեան կամքն ու պայքարի երթը մինչեւ յաղթանակ։ Այսպէս՝ Ընկհ. Դալար Թովմասեան իւրայատուկ եւ տպաւորիչ առոգանութեամբ արտասանեց Սիամանթոյի սրտաճմլիկ ” Խեղդամահը” քերթուածը , իսկ քոյր Նարօտ Շմբլեան հայրենաշունչ ոգիով արտասանեց Մուշեղ Իշխանի ” Օրհնենք Նահատակներուն ” ոտանաւորը .ապա , Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Ռոստոմ» մասնաճիւղի խումբ մը պատանիներ արտայայտեցին իրենց հայրենասիրութիւնն ու պահանջատիրութիւնը խմբային երկու երգով` «Արժանի» , «Սիրիայից Շուշի» եւ արտասանութեամբ մը Սիամանթոյի «Ափ Մը Մոխիր Հայրենի Տուն» ոտանաւորը՝ գեղարուեստական յայտաւիրին ընդմէջէն վեր առնելով մեր պայքարի վճռակամութիւնը։

Ջութակի վրայ նուագեց եղբ.Արէն Սեդիկեան «Պիտի Պաշտպանեմ» երգը, ոգեշնչելով ներկաները, իսկ Սերուժ Ղազարեան իր թովիչ ձայնով մեներգեց «Ատանայի Ողբը» երգը:

Գեղարուեստական յայտագիրը աւարտեցաւ օրուան խորհուրդին համահունչ կենդանի պատկերով, զոր ներկայացուցին Ռուզան Սեւերեկլեան եւ Լեւոն Շիրինեան՝ մեծ ազդեցութիւն թողլով ներկաներուն վրայ։
Նշենք, որ յայտագիրի կիրարկման ընթացքին, ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղի երիտասարդներէն` Ասատուր Ասատուրեան եւ Արին Քիւրտեան մերթ ընդ մերթ ընթերցեցին օրուան խորհուրդին համապատասխանող լոզունգներ։

Օրուան բանախօսն էր Լրագրող Սարգիս Գասարճեան։

Ան համապարփակ գիծերու մէջ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի իրականութեան դիտել տալով, որ Հայ Դատը արդար է եւ ունի զօրակիցներ օտար, եւրոպացի, արաբ եւ նոյնիսկ թուրք պատմաբաններ ու հետազօտողներ։ Ապա տեսերիզի միջոցով ցուցադրեց ցեղասպանութեան առնչուած վկայութիւնները թուրք պատմաբան եւ հետազօտող Գազըմ Կիւնտողանի, որ իր կեանքը վտանգելով աքսորեալ դարձաւ հայկական ցեղասպանութեան թէզը պաշտպանելուն համար։

Այնուհետեւ, բանախօսը անդրադարձ կատարեց Թուրքիոյ մէջ հայերուն իրավիճակին `տեսերիզով ներկայացուց պոլսահայ ֆիլմարտադրող Մուրատ Էզէրի վկայութիւնները՝ վաւերագրական տուեալներով։

Գասարճեան եզրափակելով խօսքը ըսաւ . «Սիրելի պահանջատէ՛ր, ցեղասպանութիւնը սուգի տօն չէ, այլ պահանջատիրութեան եւ պայքարի։ Եթէ կան Կիւնտողանի նման այս դատը պաշտպանողներ եւ Էզէրի նման հայրենասիրական մեծ զգացումներու տէր պատանիներ եւ երիտասարդներ, ուրեմն մեր դատը ապահով ձեռքերու մէջ է։ Մնացէք պահանջատէր մինչեւ ամբողջական հատուցումը հայ ժողովուրդի ազգային եւ արդար իրաւունքներուն»։

Հանդիսութեան աւարտին Յակոբ Շիրինեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսին, որ սիրայօժար ընդառաջեց հրաւէրին եւ իր ոգեշնչող խօսքերով լիցքաւորեց ներկաներուն հոգիները՝ առկայծ պահելով պահանջատիրութեան կամքը։

Հուսկ, բեմ հրաւիրուեցաւ Հոգշ. Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան իր սրտի խօսքը ուղղելու ներկաներուն։ Ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակելու ոգեկոչման հանդիսութիւնը։

Հայր Մանուկ Վարդապետ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք.Աշգարեանի ողջոյնները, օրհնութիւններն ու գնահատանքը փոխանցեց ներկաներուն, բարձր գնահատելով տարուած կազմակերպչական աշխատանքը հանդիսութեան յաջողութեան համար, մանաւանդ նոր սերունդի առկայութիւնը ներկայացուած կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրին ընդմէջէն։ Ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ. «Մեր Հայրենիքին դէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան կողքին, ներկայիս ունինք նաեւ աներեւոյթ թշնամիներ` ապազգայնացումը, համաշխարհայնացումը, որոնք սփիւռքի մէջ մեծ մարտահրաւէրի դէմ յանդիման կը դնէ իւրաքանչիւր հայ: Հետեւաբար պատանիներ, ՍԵՄ-ականներ ու երիտասարդներ պէտք է միշտ վառ պահեն իրենց ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ լուրջ քայլերով ճշդեն իրենց ուղին, որպէսզի չկորսուին համաշխարհայնացումի յորձանուտին մէջ, այլ իրենք ըլլան այսօրուան պահանջատէրներն ու դրօշակիրները եւ գիտակից յանձնառութեամբ ապագային զայն փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն»։

Հայր սուրբը անդրադառնալով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետին 2024 տարուան մարդուժի պատրաստման հռչակագրին` յայտնեց , թէ ինչպէ՛ս պէտք է հայ անհատը պատրաստուի. «Նախ պէտք է ինքզինք կերտէ, իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեամբ պարտականութեան գիտակից ըլլայ ի սպաս դնելով իր աշխատանքը ազգին, եկեղեցիին եւ հայրենիքին եւ մնայ պատնէշի վրայ, միշտ պահանջատէր հայ դատի արդար լուծման ի խնդիր»։

Հայր սուրբը բեմ հրաւիրեց Գերապայծառ Տէրը եւ անոնք միասնաբար, «Պահպանիչ» աղօթքով փակեցին հանդիսութիւնը։

Ներկաները անգամ մը եւս վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը՝ առաւել կորովով, վճռակամութեամբ բռնցքուած ու աննահանջ քայլերով շարունակելու պայքարի երթը մինչեւ ազգային իրաւունքներու վերականգնում։