«Երկիր».-Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով բացուեցաւ պատկերասրահ մը, ուր ներկայացուեցան «Ժանսեմ. Մեծ Եղեռնի գեղանկարիչը» խորագիրով մշտական ցուցադրութիւնը: Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են ֆրանսահայ մեծանուն նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սեմէրճեան) «Եղեռն» շարքէն 20 գործեր: Կտաւներուն կեդրոնական կերպարը կինն է:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչ Սեդա Պարսամեան պատմեց, որ Ժանսեմ տակաւին երկու տարեկան էր, երբ ծնողները Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք՝ ստիպուած եղան գաղթելու Օսմանեան Կայսրութենէն դէպի Յունաստան, այնուհետեւ՝ Ֆրանսա:
Պարսամեան ըսաւ. «Փոքր տարիքէն՝ փոքրիկ Յովհաննէսի յիշողութեան մէջ ամրացած էին այն տխուր պատմութիւնները, զորս լսած էր ծնողներէն եւ միայն կեանքի վերջին շրջանին կրցաւ իր տպաւորութիւնները յանձնել կտաւին»:
1998-2001 թուականներուն ընթացքին՝ 78 տարեկանին, Յովհաննէս Սեմէրճեան ստեղծեց 34 կտաւներէ բաղկացած «Եղեռն» շարքը՝ վերարտադրելով Հայոց Ցեղասպանութեան յայտնի դրուագները՝ տեղահանութիւն, գաղթականներ, կոտորած, վիշտ, որոնք նոյնքան խօսուն են, որքան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող իւրաքանչիւր սարսափելի տեսարան:
«2002-ին, Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Յովհաննէս Սեմէրճեան Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ 34 կտաւ նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ նոյն այդ տարին բացուեցաւ «Եղեռն» խորագիրով մշտական ցուցադրութիւնը, գործելով մինչեւ 2013, այսինքն՝ մինչեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ վերանորոգման աշխատանքները սկսիլը, որմէ ետք կտաւները փոխադրուեցան ֆոնտային պահոցը: Այսօր, անոր անունը կրող պատկերասրահին մէջ կը բացուի Ժանսեմի կտաւներուն ցուցադրութիւնը», ըսաւ Պարսամեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչը համոզուած է, որ գեղանկարչութեան մէջ չկայ Ժանսեմի համարժէքը, որ կրցած է այսչափ խորութեամբ եւ ծաւալով ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը՝ կտաւներուն յանձնելով իրական պատմութիւններ:
Ըստ անոր, հետագային կը նախատեսեն ընդարձակել պատկերասրահը եւ Ցեղասպանութեան նիւթով Ժանսեմի մնացած կտաւները եւս ցուցադրել, ինչպէս նաեւ այլ հեղինակներու կտաւներու ցուցադրութիւն կազմակերպել:
Մշակութաբան-ցեղասպանագէտ Յասմիկ Գրիգորեան յայտնեց, որ «Եղեռն»ի նիւթով կտաւներուն գերակշիռ մասին մէջ բնութագրուած են բռնութեան տեսարաններ:
«Կտաւներուն մէջ նկարիչը պատկերած է Ցեղասպանութեան ամբողջ ողբերգութիւնը: Ուշագրաւ է, որ Ժանսեմի կտաւներուն գերակշիռ մասին մէջ կը մատնանշուին գործողութիւններ՝ տեղահանութիւն, բռնութիւն, արտասուիլ եւ այլն, որոնք կարծես միտուած են ներկայացնելու ոչ թէ տեղի ունեցած եւ աւարտած պատմական իրադարձութիւնը, այլ կ՛ակնարկեն գործողութիւններու պատրանքին», եզրափակեց Գրիգորեան: