Երեքշաբթի, 16 Յուլիս 2019-ին, սուրիական «Շամ Թայմզ» կայքը յայտնեց, որ 2011-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, սուրիական պատուիրակութիւն մը Նիւ Եորք կը մեկնի՝ մաս կազմելու մնայուն բարգաւաճման միջազգային խորհրդարանական պաշտօնական խորհրդաժողովի մը:

Պատուիրակութեան այցելութիւնը տեղի կ’ունենայ Օմանի արտաքին գործոց նախարարին Դամասկոս այցելութենէն քանի մը օր ետք: Այս առիթով Սուրիոյ Խորհրդարանի Սփիւռքի եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի նախագահ Պութրոս Մըրճանէ «Ալ Ուաթան» թերթի թղթակիցին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն շուրջ 7 ամիս առաջ մերժած էր պատուիրակութեան ԱՄՆ մուտքի արտօնագիր տալ: