Ուրբաթ, 25 Յուլիս 2019-ի միջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին եւ բարի երթ մաղթեց իր առաքելութեան մէջ:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ սրբազան հայրը ծանօթանայ իւրաքանչիւրին աշխատանքի բնոյթին:
Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան բարձրօրէն գնահատեց պաշտօնէութեան աշխատանքը, դիտել տալով, որ պատերազմի ծանր օրերուն, հակառակ Ազգ. Առաջնորդարանի բախումնային գիծի վրայ յայտնուելուն, պաշտօնէութեան տեղափոխութեան ու նոյնիսկ նոր վայրին՝ «Վրացեան» կեդրոնի թաղամասին հրթիռակոծման ու կողքի շէնքերուն ամբողջութեամբ փուլ գալուն, պաշտօնէութիւնը շարունակեց իր աշխատանքը ծանր պայմաններու մէջ՝ ծառայելու համայնքի զաւակներուն:

Այնուհետեւ խօսուեցաւ պաշտօնէութեան Ազգ. Առաջնորդարան վերադարձի ժամկէտին մասին, յետ վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին:

Հանդիպումը ընթացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները: