8-10 Նոյեմբերին Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարներու (ԵԵԸ, Young European Socialists) Բիւրոյի հերթական ժողովը, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 30 երիտասարդական ընկերվարական կազմակերպութիւններ Եւրոպայի տարբեր երկրներէն: ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը կը ներկայացնէր Յակոբ Գրիգորեանը Լոնտոնէն:
Ժողովը քննեց տարբեր երկիրներու ներքաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցող կարեւորագոյն գործընթացները, անդրադարձաւ ԵԵԸ-ի կազմակերպչական հարցերուն եւ յառաջիկայ երկամեայ ծրագիրներուն: Երիտասարդ ընկերվարականները անդրադարձան ամենամեայ ընկերվար ամառնային ճամբարի եւ սեմինարներու թեմաներուն` ընկերային արդարութիւն, պայքար ծայրայեղ աջակողմեան գաղափարներու դէմ, կանանց իրաւունքներ եւ դաստիարակչական մօտեցումներ եւ այլն:
Քննարկումներ եղան Լիբանանի ներկայ քաղաքական իրավիճակի եւ այդ հարցին մէջ Եւրոմիութեան դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ շրջակայ միջավայրի փոփոխութիւններուն, կանանց իրաւունքներու, պարտադիր պատուաստումներու եւ այլ հարցերու շուրջ:
Հանդիպումներ տեղի ունեցան աշխատաւորական կուսակցութեան տեղական ներկայացուցիչներու եւ ընտրութիւններուն մասնակցող աշխատաւորական կուսակցութեան թեկնածուներուն հետ:
Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարներու հերթական հաւաքը աւարտեցաւ ճաշով` Լոնտոնի Լամբէթ շրջանի քաղաքապետ Իպրահիմ Տոգուսի հետ:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Երիտասարդականը կ’անդամկացի ԵԵԸ-ին 2015 թուականի Ապրիլէն, որպէս լիիրաւ անդամ: