«Երկիր».-23 Նոյեմբերին Քանատայի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հովանաւորութեամբ եւ քանատահայ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններու նուիրատուութեամբ, ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Գեղամաւան գիւղին մէջ խաղասրահ բացուեցաւ:
Գեղամաւանի խաղասրահը նախատեսուած է գիւղի երիտասարդներուն ու տարեցներուն ժամանցին համար:
Նոյն օրը քանատահայ բարերարները մէկ այլ անակնկալ ունէին նաեւ Գեղարքունիքի մարզի հեռաւոր գիւղերէն մէկուն` Մաքենիսի դպրոցականներուն համար, ուր բացուեցաւ համակարգչային դասարան: Ամբողջութեամբ նորոգուած սրահը համալրուած էր համակարգիչներով ու անհրաժեշտ սարքերով:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան այս առիթով յայտնած է․ «Շնորհակալ եմ Սրբազանին եւ բարերարներուն` իմ դիմում-խնդրանքներուն մշտապէս արձագանգելուն եւ այսպիսի գեղեցիկ նախաձեռնութիւններուն նեցուկ ըլլալուն համար»:
Նշենք, որ Հայաստանի մարզերուն օժանդակելու ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ: