3 Դեկտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցին ՀՅԴ ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ ԿԳՄՍ նախարարի հրաժարականը պահանջող ՀՅԴ-ական երիտասարդներուն հանդէպ անհամաչափ ուժ կիրառկուած է: Ան ըսաւ.«Երբ սեփական երկրի, սեփական կառավարութեան անդամի հետ հանդիպելու երիտասարդներուն պահանջը այդպիսի վերաբերմունքի կ’արժանանայ, սա կը նշանակէ իշխանութեան տուեալ ներկայացուցիչը ընելիք չունի այս երկրին մէջ»:
Մինասեան երիտասարդներու գործողութիւնները օրինական համարեց:
Երբ հարց տրուեցաւ, որ ինչո՞ւ ԿԳ նախկին նախարար Լեւոն Մկրտչեան իր աջակցութիւնը չէ յայտնած ՀՅԴ-ական երիտասարդներուն, Մինասեան արձագանգեց․ «Ի՞նչ կապ ունի Լեւոն Մկրտչեանը այս գործողութեան հետ»: Դիտարկուեցաւ, որ Արայիկ Յարութիւնեան կը յիշատակէր անոր, Արծուիկ Մինասեան ըսաւ․ «Արայիկ Յարութիւնեան շատ բաներ կ’ըսէ, հակաօրինական, հակաժողովրդավարական եւ իր լիազօրութիւնները չգիտակցող վարքագիծ կը դրսեւորէ»:
Դիտարկուեցաւ նաեւ, թէ Լեւոն Մկրտչեան չի սատարեր եւ չ’ողջուներ այս ցոյցերը, ան պատասխանեց․«Նման բան չկայ, չի կրնար ըլլալ, Դաշնակցականը անկախ իր դիրքէն կուսակցական վարքագիծը չի փոխեր: Մենք ԳՄ անդամ ենք, Լեւոն Մկտչեանը անդամ չէ: Այսօրուընէ սկսեալ նախարար անունը պէտք չէ դրուի նման վարքագիծով անձին առջեւ»: