ՏԵՂԱԿԱՆ

 

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Ուրբաթ, 17 Յունուար 2020-ին Արամ Մանուկեան Ժող. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի  Հալէպի Մասնաճիւղի տարեկան անդամական 94-րդ ժողովը: Ժողովին քննարկուեցաւ շրջանաւարտ վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը. Խօսուեցան մասնաճիւղը հետաքրքրող զանազան հարցեր, իսկ անոր վերելքին եւ յաջողութեան համար արձանագրուեցան տասնեակ առաջարկներ։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութիւնը հետեւեալ պատկերով.
Բժիշկ Եղբ. Արամ Աւետիսեան
Եղբ. Սերժ Պալապանեան
Եղբ. Յովիկ Սիւլահեան
Եղբ. Յարութ Խաչատուրեան
Եղբ. Տիգրան Պալապանեան
Եղբ. Կարօ Մահսերէճեան
Եղբ. Ալեքսան Պալեան
Եղբ. Կարօ Ապաճեան
Քոյր Անի Մինասեան
– Կիրակի օր Սուրիոյ պասքեթի երիտասարդական մրցաշաքին, ՀՄԸՄ-ի խումբը 76-57 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀԵԸ-ը:
– Սուրիոյ Ֆութպոլի Բ. Դասակարգի մրցումներու ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի խումբը 1-1 հաւասարութեամբ աւարտեց Քալաա խումբին դէմ կատարած հանդիպումը:
– Թայլանտի մէջ տեղի ունեցած U23-ի ֆութպոլի Ասիոյ մրցաշարքի քառորդ եզրափակիչ փուլին, Սուրիոյ ողիմպիականի հաւաքականը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Աւստրալիոյ կազմին կողմէ: Հանդիպումին հիմնական ժամանակաշրջանը 0-0 հաւասար աւարտելէ ետք, խումբերը խաղցան յաւելեալ ժամանակ. 101-րդ վայրկեանին Աւստրալիոյ խաղացող Թուրէն նշանակեց յաղթանակի կոլը: Այս արդիւնքով Սուրիոյ հաւաքականը մաս պիտի չկազմէ Թոքիոյի մէջ կայանալիք ողոմպիական մրցումներուն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉ ՈՒՆԵՑԱՒ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի վարչակազմը պաշտօնազուրկ ըրաւ ֆութպոլի խումբի մարզիչ Վալվէրտին, կազմին Սուփըրի մրցումէն դուրս մնալուն պատճառով: Ակումբի վարչութեան եւ նախկին խաղացող Չավիին միջեւ բանակցութիւնները ձախողութեան մատնուելէ ետք, խումբին մարզիչութեան պաշտօնը վստահուեցաւ Ռէալ Փէթիսի նախկին մարզիչ Քիքի Սիթիէնին: Պարսելոնայի վարչակազմը պաշտօնական յայտարարութեամբ տեղեկացուց, որ Քիքիի պայմանագիրը կþերկարի մինչեւ 2022-ի ամառը: Ըստ միջազգային թերթերու վերլուծումներուն, նորանշակ մարզիչը մեծ խումբեր մարզելու փորձառութիւն չունի: Նախապէս ան մարզած է Փէթիս, Լաս Փալմաս, ինչպէս նաեւ սպանական Բ. դասակարգի խումբեր: Աւելցնենք, որ  նախքան Քիքիի հետ համաձայնիլը, ակումբը բանակցութիւններ վարեց նաեւ Հոլանտայի հաւաքականի մարզիչ Ռոնալտ Քումանի հետ:
ԿՈՒԱՐՏԻՈԼԱՆ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻԻ ՄԱՐԶԻՉԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ
Ըստ SKY SPORTS լրատուամիջոցին, Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ սպանացի Եոսիփ Կուարտիոլան արտայայտուած է, որ եթէ ակումբի  վարչակազմը զինք չհեռացնէ, ան պատրաստ է մէկ տարի եւս մնալու խումբին մարզիչ:  Դիմատետրի իր էջին վրայ ան գրեց թէ ան ուրախ է  այս խումբի մարզիչութեան պաշտօնով, եւ հպարտ՝ արձանագրուած արդիւնքներով. Եոսիփ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ այս տարուան արդիւնքներուն, ըսելով որ անոնք այդքան ալ գոհացուցիչ չէին: Յայտնենք, որ Սիթին Կուարտիոլայի գլխաւորութեամբ տիրացաւ Անգլիոյ ախոյեանութեան 2018 եւ 2019 տարեշրջաններուն:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԸ
Անգլիոյ ֆութպոլի առաջնութեան Փրիմիէր լիկայի 23-րդ փուլի գլխաւոր մրցումին Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մանչեսթըր Իւնայթըտը: 15-րդ վայրկեանին, Լիվըրփուլ անկիւնային խաղարկում մը կատարեց Վան Տայք գլխու հարուածով նշանակեց առաջին կոլը, որմէ ետք կազմը շարունակեց իր բարձրորակ խաղարկութիւնը եւ վտանգի ենթարկեց մրցակիցին դարպասը: Երկրորդ կիսուն, Կլոփին խաղացողները շարունակեցին իշխել խաղարկութեան եւ ի վերջոյ Մուհամմէտ Սալահ յաջողեցաւ կրկնապատկել արդիւնքը: Այս յաղթանակով Լիվըրփուլ շարունակեց իր յաղթարշաւը եւ բազմացուց իր կէտերը. Այժմ Լիվըրփուլ 64 կէտով կը գլխաւորէ ախոյեանութեան աղիւսակը, 16 կէտով իրմէ ետ կը մնայ Մանչեսթըր Սիթին:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան