«Երկիր Մետիա».-ԱՄՆ քոնկրէսական Ֆրանք Պալոն դատապարտած է Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները: Պալոն յայտնած է, որ պէտք է քայլեր ձեռնարկել երկու պետութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:
«Ամիսներ շարունակ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան աւելցուցած են Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ իրենց մարտական հռետորաբանութիւնը եւ սադրիչ գործողութիւնները: Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբը հետեւողականօրէն կոչ կ’ուղղէ Պետտէփարթմընթին` քայլեր ձեռնարկելու այս վտանգաւոր իրավիճակը կասեցնելու եւ Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ, պատասխանատուութեան ենթարկելու իրենց ապակայունացնող գործողութիւններուն համար», գրած է Պալոն:
Քոնկրէսականը աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները կարեւոր դեր ունի այս բռնութիւնը կասեցնելու գործին մէջ, եւ պէտք է արագ եւ վճռականօրէն գործէ արարքի ռազմաշունչ կիրառումը կասեցնելու համար: