«Երկիր».-Ամերիկահայ գործարար Նուպար Աֆէեանի Moderna դեղագործական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ստեֆան Պանսէլ յայտարարած է, որ ընկերութիւնը կը պատրաստուի 2021 թուականին պսակաձեւ ժահրին դէմ պատուաստանիւթի 600 մլն-էն մինչեւ 1 միլիառ չափաբաժին մատակարարել:
«Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ այս մասին Պանսէլ յայտարարած է ODDO BHF ֆրանս-գերմանական ֆինանսական խումբի կազմակերպած համաժողին:
Անոր խօսքին համաձայն, Moderna-ն պատուաստանիւթի 500 մլն քանակի պատուէր ստացած է եւ պատրաստ է 600 մլն-ն արտադրել, սակայն կը կանխատեսէ, որ պատուերներու քանակը աւելնայ»: