«Ապառաժ».-18 Փետրուարին ԱՀ Ազգային Ժողովին «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հանդիպած է խորհրդարանի մէջ փորձուսուցում կատարող խումբ մը ուսանողներու հետ:
Պատգամաւորները ներկայացուցած են ՀՅԴ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները Արցախի մէջ եւ ըստ այդմ` Ազգային Ժողովի մէջ ծաւալած գործունէութիւնը:
ԱՐՊՀ Պատմութեան եւ Իրաւագիտութհան հիմնարկի Իրաւագիտութեան 4-րդ կարգի ուսանողները հետաքրքուած են առկայ իրավիճակին ՀՅԴ-ին ձեռնարկած նախաձեռնութիւններուն, «լեզուի մասին» օրէնքի նախագիծի առնչութեամբ խմբակցութեան դիրքորոշումով, ներքաղաքական ու արտաքին քաղաքական շարք մը հարցերով: