«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Հայաստանի վարչապետի յանձնակատարին հետ միացեալ մամլոյ ասոււլիսին ընթացքին շեշտած է Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:
«Հակառակ անոր որ զինադադարը համաշխարհային առումով կը պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, սակայն տակաւին շատ ընելիքներ կան: Եւ Ֆրանսան պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը բնակչութեան: Ես կը խօսիմ բոլոր պահուող անձերը ազատ արձակելու անհրաժեշտութեան մասին, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու մուտքի սահմանափակումներու վերացման եւ ականապատուած տարածքներուն մէջ լուրջ խնդիրներու մասին», լրագրողներուն ըսած է Մաքրոն՝ Փարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն առաջ:
Բացի ատկէ, Ֆրանսայի նախագահը մատնանշած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը: