ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
– Հինգշաբթի օր Դամասկոս ժամանեց Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի նորանշանակ մարզիչ Նիզար Մահրուսը՝ ստանձնելու հաւաքականի պատասխանատուութիւնը: Ան փակ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆութպոլի Դաշնութեան անդամներուն հետ, որպէսզի միասին ծրագրեն յառաջիկայ շրջանի աշխատանքները: Յաջորդ օրը ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց իր առաջարկները:
– Դամասկոսի Ուահտէն եւ Հոմսի Քարամէն հասան Սուրիոյ պասքեթի աւարտական մրցումի փուլ: Կազմերը պիտի հանդիպին երեք անգամ. երկու յաղթանակ արձանագրողը պիտի դառնայ Սուրիոյ Ախոյեան:
– Դամասկոսի Ուահտէի աղջկանց պատանեկան խումբը տիրացաւ Սուրիոյ ախոյեանութեան՝ աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Հալէպի Հուրիէն, իսկ Ճալաա գրաւեց մրցաշարքի երրորդ դիրքը:
– Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը ներումի յայտարարութիւն մը հրապարակեց Սուրիոյ հաւաքականի յարձակողական խաղացող Ումար Խուրէյպինին առնչութեամբ: Ան յառաջիկայ շրջանին իրաւունք պիտի ունենայ մաս կազմելու հաւաքականին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Իտալիա դարձաւ Եւրոպայի Ախոյեան
Եւրոպայի ֆութպոլի 2020-ի առաջնութեան եզրափակիչին Իտալիոյ հաւաքականը 11 մեթրի հարուածներով պարտւթեան մատնեց Անգլիոյ կազմը եւ հռչակուեցաւ ախոյեան:
Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած խաղը սկսաւ հողատէրերու յաջողութեամբ. անոնք երկրորդ վայրկեանին նշանակեցին իրենց կոլը՝ պաշտպանողական խաղացող Լիւկ Շաունի միջոցաւ: Առաջին խաղակիսուն, ինչպէս նաեւ երկրորդի սկիզբին, խաղին առաւելաբար տիրապետած էին իտալացիները, սակայն անոնք երկար ժամանակ չկըրցան ցնցել մրցակիցին դարպասը. 67-րդ վայրկեանին, հիւրերը նշանակեցին հաւասարութեան գնդակը: Կոլէն ետք Անգլիոյ հաւաքականը սկսաւ աւելի աշխուժ խաղալ, բայց անոր բոլոր յարձակումները ապարդիւն մնացին: Հանդիպումի հիմնական եւ լրացուցիչ ժամանակները 1-1 հաւասար աւարտելով խումբերը դիմեցին 11 մեթրի հարուածներուն, իտալացի դարպասապահը խիզախօրէն կրցաւ փրկել կազմին դարպասը եւ բաժակը նուիրել Իտալիոյ հաւաքականին:
ԱՐԺԱՆԹԻՆ ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԲԱԺԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ
Արժանթինի ֆութպոլի հաւաքականի աւագ Լիոնէլ Մեսսին վերջապէս ազգային հաւաքականին հետ կրցաւ տիրանալ բաժակի մը: Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած Քոփա Ամերիկայի աւարտական մրցումին Արժանթին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Պրազիլը: Հանդիպումի միակ կոլը նշանակեց Անխէլ տի Մարիան՝ 22-րդ վայրկեանին: Այսպիսով, Արժանթին 15-րդ անգամ ըլլալով կրցաւ ձեռք ձգել Ամերիկայի գաւաթը եւ այդ ցուցանիշով հաւասարեցաւ Ուրուկուէին: Ան վերջին անգամ մրցանակի տիրացած էր 1993-ին: Պրազիլ այս մրցանակին արժանացած է 9 անգամ:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ