Դու ամենայն Հայոց երգի Վեհափառն ես,
Դու՝ մեր երգի Մեսրոպ Մաշտոց,
Գիրն ու տառն ես Հայոց երգի:
Հայոց երգի
Անծիր հերկի:
Պ.Սեւակ
1881-ին, Քէոթահիոյ հոգեւոր առաջնորդ Գէորգ վարդապետ Դերձակեանը կ’ուղղուի Էջմիածին՝ եպիսկոպոս ձեռնադրուելու: Գէորգ Դ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կոնդակին համաձայն, ան պէտք է իր հետ ձայնեղ որբ պատանի տաներ Ս. Էջմիածին՝ Գէորգեան ճեմարանի մէջ ուսանելու համար։ Շուրջ քսան որբերու մէջէն կ’ընտրուի երաժշտասէր ընտանիքի 12-ամեայ զաւակը, թրքախօս, բայց բացառիկ եւ գեղեցիկ ձայնով հայերէն երգող, որ արդէն իսկ առաջին երգելուն գրաւեց ուշադրութիւնը բոլոր հոգեւորականներուն եւ պատասխանատուներուն: Անոր անունն էր Սողոմոն Սողոմոնեան, որ վերջապէս այնտեղ պիտի գտնէր իր հոգեւոր խաղաղութիւնը, չիմանալով թէ այդ վայրկեանէն Կոմիտաս Վարդապետ ծնունդ պիտի առնէր։
Սողոմոնի երաժշտական դաստիարակութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է իր ուսուցիչը՝ Սահակ Ամատունին, որուն ղեկավարութեամբ ան կը նուիրուի հայ հոգեւոր երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, մասնագէտ կը դառնայ հայկական ձայնանիշներուն եւ աշակերտական իր տարիները կ’անցընէ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր հաւաքելով, գրի առնելով ու մշակելով զանոնք:
Ան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ կ’ըսէ. «Պատմութիւնը գրեթէ լռած է, ոչինչ չի հաղորդեր Հայոց եկեղեցական հին եղանակներուն, ինչպէս եւ խազերու մասին»:
Հայ եկեղեցւոյ հին եղանակներու գիւտը, որ ամենայն հաւանականութեամբ գիրերու գիւտի շրջանի արդիւնքն է, կը վերագրուի Ս.Սահակին, իսկ մինչեւ գիրերու գիւտը Հայ եկեղեցւոյ երգեցողութիւնը սաղմոսերգութիւնն էր: Բաւական ժամանակէ ետք սաղմոսերգութեան հետ զարգացան շարականի եղանակները: Բայց ինչպիսի՞ եղանակններով կ’երգուէին այս բոլորը, անյայտ է: Մեծ հաւանականութեամբ ժողովրդական հին եղանակներով:
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ան ինչէ՛ն եւ ինչպէ՛ս սկսած է արձանագրել հայ եկեղեցական եղանակները: Սկիզբը, երբ Սողոմոն սարկաւագ էր եւ իր երաժշտական տաղանդն ու կարողութիւնները ինքնաբերաբար զարգացած էին, սկսած էր գրի առնել հայ եկեղեցական շարականները, տաղերը, գանձերը, մեղեդիներն ու այլ արարողութիւններու երգեցողութիւններէն բաժիններ: Օրինակ «Տաղ Յարութեան ԲԿ» Սողոմոն Սարկաւագ խազագրութեամբ արտագրած է, երբ Գէորգ Վրդ. Ռշտունին երգած է զայն: Յառաջիկայ թիւերուն մէջ պիտի անդրադառնանք իր վերանայած ու վերամշակած մեղեդիներուն:
Եթէ մեր խօսքէն բաժին մըն ալ յատկացնենք Կոմիտասի պատարագին՝ անդրադառնալու անոր հանգրուանային զարգացման, այս բաժինին մէջ պարտաւոր ենք յիշել իրմէ առաջ ծնած հայ եկեղեցւոյ պատարագները եւ անոնց հեղինակները, այլապէս կարելի չէ զգալ Կոմիտասի իւրայատուկ ստեղծագործութիւնը հայկական պատարագին մէջ:
Հայոց եկեղեցւոյ պատարագին ծնունդը դժուար է հաստատ թուականներով արձանագրել, սակայն մեծ վստահութեամբ կարելի է ըսել, որ պատարագը մեր եկեղեցւոյ հայրապետներուն ձեռքերուն մէջ ծնունդ առած է եւ դարէ-դար աճած: Այս Աստուծոյ շունչ բուրող եղանակները զարգացան ու փոփոխութիւններու ենթարկուելով համակերպեցան ժողովուրդին ճաշակին եւ հասկացողութեան, որոնց շեշտակի բացակայութիւնը կը նկատենք այս դարուն:
Որպէս ամենահին մշակուած եւ զտուած, լեզուական եւ երաժշտական իմաստով, հայկական բազմաձայն Պատարագի օրինակը 19-րդ դարու երաժիշտ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի ստեղծագործած Պատարագն է, որ երկար տարիներ կորսուած համարուած է մինչեւ որ գտնուած է Ռոմանոս Մելիքեանի ձեռագրերու պահոցին մէջ, հայկական եկեղեցական ձայնագրութեամբ, ամերիկահայ երաժշտագէտ Գրիգոր Փիտեջեանի հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ: Առ ի տեղեկութիւն, Քրիստափոր Կարա-Մուրզան դժգոհած է իր ստեղծած Պատարագէն եւ փորձած է ոչնչացնել զայն, սակայն այդ մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան:
Իսկ բոլորին ծանօթ Պատարագն է Մակար Եկմալեանի դաշնաւորած պատարագը, որ կեանքի կոչուած է 1895-ի Յունիսին եւ պաշտօնապէս թոյլատրուած է անոր երգեցողութիւնը: Հայ երաժշտութեան վերաբերող Կոմիտասին հանճարեղ գիւտը դեռ չկար, որովհետեւ ան Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը 1893-ին աւարտեց, իսկ 1896-1899 թուականներուն իր երաժշտական ուսումը շարունակեց Գերմանիոյ մէջ:
Եկմալեանի Պատարագէն ետք, հայ եկեղեցւոյ մշակոյթը առ աւելի հարստացաւ Կոմիտասի Պատարագով եւ այլ գլուխ գործոց մշակումներով: Ճիշդ եզրակացութեան չենք հասնիր եթէ բաղդատենք 3 Պատարագները իրարու հետ, որովհետեւ 3 հեղինակներն ալ իրենց մշակած ու դաշնաւորած մայր մեղեդիներուն յօրինողը չեն, իսկ որպէս կառուցուածք կարելի է որոշ կէտերու շուրջ քննարկումներ ընել: Վստահաբար այս 3 երաժիշտները եւ անոնցմէ առաջ եկեղեցւոյ հայրապետները խոնարհաբար իրարու ժառանգած աշխատանքէն օգտուելով է որ նորոգուածը մէջտեղ բերած են:
Կոմիտաս երբ տակաւին սարկաւագ էր, մօտէն ծանօթացած եւ ուսումնասիրած էր Մակար Եկմալեանի պատարագը՝ աւեցնելով իր յատուկ մեկնաբանութիւնները անոր վրայ, իր երգեցողութեամբ:
Հրաչեայ Աճառեան իր յուշերուն մէջ կը կ’արձանագրէ. «Կոմիտաս բացառիկ դուրեկան ձայն մը ունէր եւ արժանացած էր Խրիմեան Հայրիկի մասնաւոր համակրանքին, Խրիմեան Հայրիկի կարգադրութեամբ, տօնական օրերը, Կոմիտաս կը ղեկավարէր դպրաց դասը եւ պատասխանատու էր խորանէն երգուած սաղմոսերգութիւններու եւ աւետարաններու ընթերցման»:
Անկասկած, մեծ նորութիւն մը չէ այն, որ հայ առաքելական մեր եկեղեցին հարուստ է խոր պատմութիւն ունեցող մշակոյթով: Իսկ ի՞նչ էր Կոմիտասի յատկանշական տարբերութիւնը բոլորէն: Ան վերադարձուց հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան զուտ հայկական ազգային հեղինակութիւնն ու դիմագիծը, որ պիտի նկատենք յօդուածի յառաջիկայ թիւերուն մէջ:
Յովիկ Օհանեան