15-22 Օգոստոս 2021-ին, Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան 2021-ի տարեկան բանակումը, որուն մասնակցեցան Պատանեկան Միութեան Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերէն 220 պատանի-պարմանուհիներ:
Բանակողները մասնակցեցան խմբային խաղերու, արշաւներու, ծովագնացութեան եւ խարուկահանդէսի։ Անոնք Քեսապի շքեղ բնութեան մէջ հետեւեցան նաեւ դաստիարակչական ծրագիրի եւ զրոյցներու միջոցով իրենց գիտելիքները հարստացուցին։
Պատանեկան Միութեան բանակումներուն ընթացքին հայ պատանին հմտութիւններ ձեռք կը բերէ այլազան աշխատանքներ կազմակերպելու, հաւաքական կեանքին մաս կազմելով այլազան հարցերու մասին կարծիք ձեւաւորելու, մարզելու իր միտքն ու մարմինը եւ ընկերային յարաբերութիւններ մշակելու։
Բանակումին մանրամասնութիւնները ընթերցել՝ «Գանձասար»ի Սեպտեմբեր Ա. համարով: