«Սվոպոտնայա փրեսա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ զրոյցի ընթացքին դարձեալ աջակցութիւն յայտնած է Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան:
«Վստահ եմ, որ «Խրիմի հարթակ»-ը իրական գործիք պիտի դառնայ ապօրինաբար բռնագրաւուած Խրիմի ազատագրութեան գործին մէջ», Էրտողանի խօսքը կը մէջբերէ Զելենսքիի մամլոյ ծառայութիւնը:
Յիշեցնենք, որ զրոյցէն մէկ օր առաջ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնած էր, որ երկրի արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու պիտի մասնակցի Քիեւի նախաձեռնած «Խրիմի Հարթակ» համախմբումի առաջին հանդիպումին: