Կիրակի 19 Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան հռչակման 30-րդ ամեակին առիթով Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հանդիսապետեց Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, գլխաւորեց Հանրապետական մաղթանքի եւ եռագոյն դրօշի օրհնութեան արարողակարգը եւ հաւատացեալներուն ուղղեց իր հայրական պատգամը: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներ եւ անոնց ատենապետ տիար Ճորճ Շահինեան, Թեմի եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան:
Պատարագի հոգեպարար շարականները հնչեցին եկեղեցւոյ դպրաց դասին երգեցողութեամբ, դպրապետ բարշ. Սարգիս սրկ. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ:
Սրբազան Հայրը գլխաւորեց Հանրապետական մաղթանքի արարողակարգը եւ սուրբ խաչով օրհնեց եռագոյն դրօշը։ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման համար արտասանուեցան աղօթքներ, սուրբ գրային ընթերցումներ եւ հնչեցին հոգեթով շարականներ։
Հիմնուելով օրուան աւետարանական համարին վրայ (Մր 10.1-12), Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ լուսարձակի տակ առաւ ամուսնութիւնն ու ընտանիքին կարեւորութիւնը։ Աստուածաշունչէն մէջբերումներ կատարելով ան անդրադարձաւ ամուսնական կեանքի սրբութեան եւ այրկին միութեան։ Ան յայտնեց, թէ ամուսնութիւնը կը հիմնուի զոհողութեան, համբերութեան, ներողամտութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ։ «Ամուսնութիւնը աստուածային սուրբ կառոյց մըն է, որուն գլուխը Աստուած Ինք է», հաստատեց ան։ Ապա, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ ամուսնալուծման տխուր պատկերին, յայտնելով, որ ամուսնութիւնը սուրբ խորանին առջեւ տրուած ցմահ ուխտ մըն է, որ ամուսնացողները գիտակցութեամբ պէտք է պահեն իրենց ողջ կեանքի ընթացքին։
Սրբազան Հայրը նշեց, թէ այնպէս ինչպէս ամուսնութիւնը ուխտ մըն է, նաեւ մենք ունինք ազգային ուխտ մը, զոր մկրտութեան ժամանակ կը ստանանք, պահելու համար մեր ազգային արժէքները։
Ան նշեց, թէ երբ ազգի մը ընտանիքները քայքայուած են՝ հայրենիքը վտանգուած կ’ըլլայ։ Հետեւաբար ան հրաւիրեց ծնողները եւ նորապսակ զոյգերը, որպէսզի աշխարհի տարաբնոյթ եւ մոլորեցուցիչ ձայներուն մէջ լսեն եւ ընտրեն Աստուծոյ ճշմարիտ ձայնը եւ անով պահպանեն իրենց ընտանիքներու բարոյական սկզբունքները, որոնք հիմքը կը կազմեն մեր ազգի հզօրացման:
Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 30-րդ տարեդարձին առիթով, Սրբազան Հայրը Սուրբ Խորանէն ուխտեց տէր դառնալ մեր հայրենիքի անկախութեան եւ ազատութեան, որոնք կ’իրականանան արիւնով, հաւատքով, կեցուածքով եւ յանձնառութեամբ:
Սրբազան Հայրը կարեւորեց սփիւռքահայութեան դերակատարութիւնը հայրենիքի պաշտպանութեան գործընթացին մէջ, յայտնելով, որ երբ տարագրուեցանք եւ զրկուեցանք մեր հայրենիքէն, առաւել զգացինք անոր արժէքը եւ պահելով հայերէն լեզուն, հայ դպրոցը, հայ եկեղեցին եւ հայ ակումբը, ի պահանջեալ հարկին սփիւռքահայ եւ սուրիահայ մեր երիտասարդները իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին Հայաստանի եւ Արցախի ազատագրութեան համար:
Աւարտին, Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ ամենաբարին Աստուած, հայցելով, որ Ամենակալը պահէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, Արցախը, սուրիական հայրենիքը եւ մեր ժողովուրդի զաւակները:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն։