Դրամ, դրամ, դրամ… Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները կ’աշխատին անոր տիրանալու համար, գերպետութիւնները բարեկամութիւններ կը հաստատեն անոր հիման վրայ:
Գիտէ՞ք նաեւ, որ մեզմէ շատեր կը կառչին դրամին առնչուող շարք մը ժողովրդային սնահաւատութիւններու: Եկէ՛ք վերյիշենք, բայց չհաւատանք անոնց.
-Եթէ փողոցը դրամ տեսնէք, անպայման պէտք է վերցնէք զայն, այլապէս դրամին նկատմամբ արհամարհանք դրսեւորած կ’ըլլաք:
-Տան մէջ հարկ է միայն մէկ աւել ունենալ, այլապէս այդ տան եկամուտը արագ կը սպառի:
-Հացը եւ աղը երբեք չտաք ուրիշին: Կ’ըսուի, թէ այդ մթերքներուն հետ տունէն կը պակսի դրամը, կը նուազի տան համն ու հոտը:
-Մայրամուտի ժամերուն մաքրութիւն չընէք, որովհետեւ անիկա մեծագումար նիւթական կորուստի պատճառ կրնայ դառնալ:
-Ձեր պայուսակները երբեք գետին մի՛ դնէք, իսկ դանակը երբեք՝ հացամանին մէջ, որպէսզի աղքատութիւնը ձեր դուռը չթակէ:
-Դրամը մի՛ հաշուէք երեկոյեան, մայրամուտէն ետք: Այս գործողութիւնը անյաջողութեան կը հասցնէ ձեզ:
-Եւ վերջապէս երբեք մի՛ նախանձիք անոնց, որոնք մեծահարուստ են, մեծագումար դրամը, մեծ հոգերով կը բերցնէ ձեր միտքն ու հոգին:
Կեանքը, սիրելինե՛ր, միայն նիւթեղէն արժէքներով չի գեղեցկանար, հոգեկան հարստութիւնը, առողջութիւնն ու ներքին խաղաղութիւնը ձեր ներաշխարհը հարստացնող գեղեցկագոյն զարդերն են:
Ժողովրդային առածը կ’ըսէ նաեւ.
«Դրամը արմատն է ամէն չարիքի»:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան