Տէրը քու մեղքդ ներեց
Դաւիթ Նաթան Մարգարէին ըսաւ. «Տիրոջը դէմ մեղք գործեցի» Եւ Նաթան ըսաւ Դաւիթին. «Տէրն ալ քու մեղքդ ներեց, պիտի չմեռնիս» (Բ.Թգ12.13): Այստեղ շատ կարեւոր ճշմարտութիւն մը կը յայտնուի: Նաթան մարգարէն անուղղակիօրէն Դաւիթին կ’ըսէ. եթէ դուն յանցաւոր ես եւ իբրեւ մարդասպան ու շնացող մահապատիժի կը սպասես, որովհետեւ ինչպէս առաքեալը կը յիշեցնէ՝ «մեղքին վարձատրութիւնը մահ է» (Հռ 6.23)… սակայն, եթէ մեղաւոր մարդէն մեղքը փոխադրուի, շատ հաւանական է, որ ան չմեռնի, պայմանաւ, որ ուրիշը մեռնի իր անձին փոխարէն, իր մեղքերը կրելով … Եւ Նաթան մարգարէն կարծէք ապագային կատարուելիք Նոր Կտակարանէն ակնարկ մը կը ներկայացնէ ու կը յայտնէ, բացատրելով Դաւիթին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Քրիստոսը պիտի մեռնի իր անձին փոխարէն՝ կրելով իր մեղքերը:
Անմեղը կը մեռնի մեղաւորին համար
Հին Կտակարանի օրէնքին մէջ, մեղաւոր մարդը անպայմանօրէն զոհ պէտք էր մատուցեր: Ուստի, անիկա տաճար կու գար քահանային առջեւ եւ ձեռքը զոհին գլուխին վրայ կը դնէր եւ կը խոստովանէր իր մեղքերը: Այդ ձեւով Աստուած կ’ընդունէր անոր խոստովանութիւնը եւ իր մեղքը իրմէ դէպի զոհ ընծայուելիք անասունին կը փոխանցուէր եւ ապա քահանան զայն կը մորթէր Տիրոջ առջեւ: Մեղքի համար ընծայուած զոհի օրէնքը հետեւեալն է. «Եւ եթէ մեղքի պատարագի համար գառ մատուցանելու ըլլայ, անարատ էգ մը թող բերէ: Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մեղքի պատարագի համար մորթէ զայն: Եւ քահանան իր մատովը մեղքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ: Եւ խաղաղութեան զոհէն գառին ճարպը փրցուելուն պէս՝ ասոր բոլոր ճարպը թող փրցնէ ու քահանան սեղանին վրայ այրէ զայն՝ Տիրոջը պատարագներուն հետ եւ քահանան անոր ըրած մեղքին համար քաւութիւն ընէ, որ թողութիւն ըլլայ անոր» (Ղւ 4.32-35):
Ժամանակին մեղքերու թողութիւնը խոստովանութեան ճամբով կը տրուէր. մեղաւորը իր ձեռքը կը դնէր զոհի գլուխին եւ մեղքը իրմէ դէպի զոհը կը փոխանցուէր: Պատարագուող զոհը սեղանին վրայ կը դրուէր եւ քահանան անոր արիւնէն առնելով կը քսէր ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն եւ մեղաւորին մեղքերը կը քաւուէին Տիրոջ առջեւ եւ զոհարանին համար վառուող կրակը, որ աստուածային կրակ կը նկատուէր, կը լափէր զոհասեղանին վրայ դրուած ճարպը, որպէսզի քաւուէր մեղաւորին մեղքը:
Իսկ զոհին հասկացողութիւնը, որուն կը փոխանցուի մեղքը եւ կը մորթուի, ատիկա նշան է, թէ անիկա իբրեւ փրկութեան երաշխիք կ’ընծայուի: Իսկ անմեղին, այս պարագային ոչխարը, որ մեղք չէ գործած, մեղաւորին փոխարէն մեռնելու հասկացողութիւնը կու գայ ապահովելու ընծայուածին անմեղութիւնը: Որովհետեւ Հին Կտակարանին մէջ Աստուծոյ զոհուած ոչխարներէն ոչ մէկը կրնար Տիրոջ առջեւ մեղանչել եւ մեղքը քաւէր, ինչը կը վստահեցնէ ընծայուած զոհին անմեղութիւնը: Ուստի, մեղաւորին ձեռքին զոհին գլուխին դնելու իմաստը այն է, որ իր մեղքը անմեղին կը փոխանցէ:
(շար.9)
Թարգմանեց`
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան