ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– «Քաթար 2022»ի համաշխարհային ֆութպոլի զտման մրցումներուն, Սուրիոյ Ա. հաւաքականը անգամ մը եւս պարտութեան մատնուելով իր դիրքը զիջեցաւ այս անգամ հարաւային Քորէային 2-1 արդիւնքով։ Մրցումէն ետք մեծ թիւով մարզական մասնագէտներ պահանջեցին Ֆութպոլի Դաշնութեան հեռացումը:
– Արեւմտեան Ասիոյ մրցաշարքի կիսաւարտական մրցումին, Սուրիոյ ֆութպոլի ողոմպիական հաւաքականը 5-2 արդիւնքով մեծ պարտութիւն մը կրեց Յորդանանի կազմին կողմէն:
– Ուրբաթ օր Հալէպ ժամանեց Իթթիհատ ակումբի պասքեթի սերպիացի նորանշանակ մարզիչ Տիան Թոմիչը եւ անմիջապէս սկսան կազմին փորձերը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԱԼԽԱՍ ԱՄՈՅԵԱՆ՝ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ 2021-Ի ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան ոսկի մետալ նուաճեց Օսլոյի մէջ ընթացող ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան մրցումներուն: Հայաստանը ներկայացնող 72 քկ. ծանրաբարձ մարզիկը եզրափակիչ մրցամարտին 3/1 արդիւնքով մեծ դժուարութեամբ յաղթեց ռուս Սերկէյ Կուտուզովին եւ առաջին անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան: Ամոյեանի մետալը եղաւ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի առաջինը Օսլոյի մէջ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՖՐԱՆՍԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
UEFA national League-ի աւարտական մրցումին, Ֆրանսայի հաւաքականը յաջողեցաւ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնել Սպանիոյ կազմը եւ տիրանալ բաժակին: Հանդիպումի առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ։ Երկրորդ կիսախաղին խումբերը խտացուցին իրենց յարձակումները։ 64-րդ վայրկեանին Իտալիան կատարեց կոլերու բացումը՝ Օպարզապալը, որմէ մէկ վայրկեան ետք Քարիմ Պենզեման նշանակեց հաւասարութեան կոլը: 80-րդ վայրկեանին Քիլիան Իմպապէն յաջողեցաւ կրկնապատկել Ֆրանսայի արդիւնքը յաղթանակի երկրորդ կոլով։ Վերջին վայրկեաններու աստղը դարձաւ Ֆրանսայի դարպասապահ Լուիսը, որ կրցաւ փրկել դարպասը բազմաթիւ գնդակներէ:
ԻՏԱԼԻԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՐՐՈՐԴԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ
Հերթական 34 անպարտ մրցումներէ ետք, Սպանիան կրցաւ դադրեցնել Իտալիոյ յաղթարշաւը եւ 2-1արդիւնքով պարտութեան մատնեց զայն, որուն հետեւանքով ան հեռու մնաց աւարտականէն: Կիսաւարտական հանդիպումին Իտալիան յաջողեցաւ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնել Պելճիքան եւ գրաւել Եւրոպայի հաւաքականներու երրորդ դիրքը: Հանդիպումի կոլերուն բացումը 47-րդ վայրկեանին կատարեց Նիքոլա Պարելան: 65-րդ վայրկեանին Տոմինիքօ Պերարտին տուգանային հարուածով կրկնապատկեց արդիւնքը: Նախքան հանդիպումին աւարտը Պելճիքան արձանագրեց իր միակ կոլը՝ Շարլ տի Քիթլէրի միջոցաւ:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ