Անհամասեռութիւն
Անհամասեռութիւնը գրողական կարեւոր թերութիւն մըն է, որ կը կայանայ խօսքի համադաս բառերը անմիօրինակ ձեւաւորելու մէջ: Օրինակ`
***«Ե. դարու մատենագիր Ղազար Փարպեցի պատմիչը եւ ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը մեծապէս յայտնի են…»:
–Պատկերացնենք մէկը, որ ոչ մէկ գաղափար ունի այստեղ յիշուած յատուկ անուններու մասին եւ այս կարդացածովը պիտի հաստատէ իր առաջին ծանօթութիւնը: Արդ, ի՞նչ կ’ըսէ այս նախադասութիւնը ընթերցողին, ճիշդ ի՞նչ տեղեկութիւն կու տայ ան:
Եթէ ճիշդ կը հասկնանք մեր ընթերցածը, ապա պարտինք ենթադրել, թէ մատենագիր Ղազար Փարպեցի եւ ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեան կը պատկանին… Ե. դարուն, այսինքն` ապրած են Ե. դարուն: Այսպէս պիտի ընկալենք, քանի որ «Ե. դարու» բնորոշումը քերականօրէն կը վերաբերի իրեն յաջորդող զոյգ անուններուն:
Բայց ահա մեզմէ շատեր գիտեն, որ եթէ Ղազար Փարպեցի կը պատկանի Ե. դարուն, ապա Մկրտիչ Ներսիսեանը կը պատկանի… 20-րդ դարուն:
Ուրեմն ինչպէ՞ս ըսել կամ գրել, որ տրուած տեղեկութիւնը ճիշդ ընկալուի:
Ահաւասիկ. «Ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը եւ Ե. Դարու մատենագիր Ղազար Փարպեցին մեծապէս յայտնի են…»:
Այս շարադասութեամբ, սակայն, մենք փարատած կ’ըլլանք թիւրիմացութիւն մը միայն, այսինքն` յստակացուցած կ’ըլլանք, որ ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը Ե. դարուն չի պատկանիր, ինչպէս Ղազար Փարպեցին կը պատկանի: Սակայն բաւարա՞ր է այս տրուածը, ո՛չ, բաւարար չէ, կայ տեղեկատուական թերի մը, որ հետեւեալն է. եթէ կարեւոր է շեշտել, որ Փարպեցի կը պատկանի Ե. դարուն, ապա նոյնքան կարեւոր պէտք է նկատուի այն դարը, որուն կը պատկանի ակադեմիկոսը:
Յիշեալ թերին կարելի է դարմանել հետեւեալ կառոյցներով.
–Ե. դարու մատենագիր Ղազար Փարպեցին եւ մերօրեայ ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը:
Մերօրեայ-ին փոխարէն կարելի է դնել նաեւ ժամանակակից կամ պարզապէս` 20-րդ դարու ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը: Ասոնք բոլորն ալ ի վիճակի են հակակշռելու «Ե. դարու»-ն ը:
* * *
Տեսնենք անհամասեռութեան երկրորդ օրինակ մըն ալ:
***«Սեղանին վրայէն կը ժպտէին ֆրանսական գինին, պանիրը եւ ձկնկիթը»:
–Ինչպէս վերի, այնպէս ալ այս օրինակին մէջ ֆրանսական ածականը քերականօրէն կը վերաբերի գինիին, պանիրին, ձկնկիթին: Այսպէս պիտի գրէինք այն պարագային, ուր ժպտող գինին, պանիրն ու ձկնկիթը իրօք ֆրանսական ծագում ունենային:
Իսկ եթէ այդպէս չէ, եւ միայն գինին է, որ ֆրանսական է, ուրեմն գրողը պարտէր ձեւը գտնել եւ մեկուսացնել «ֆրանսական գինին»: Օրինակ` «Սեղանին վրայէն կը ժպտէին պանիրը, ձկնկիթը եւ ֆրանսական գինին»:
Այս վերջին պարագային ալ կառոյցը խոցելի է անհամասեռութեամբ. արդարեւ, եթէ հաղորդական շղթային մէջ կարեւոր էր ժըպտող գինիի ծագումին յիշատակումը, ապա նոյնքան կարեւոր պէտք էր սեպել ծագումը պանիրին ու ձըկնկիթին. օրինակ` «Սեղանին վրայէն կը ժպտէին ֆրանսական գինին, յունական պանիրն ու պարսկական ձկնկիթը»:
* * *
Տեսնենք անհամասեռութեան կարգ մը այլ տիպարներ:
ա) Բայական անհամասեռութիւն
Այսպէս կը կոչենք այն կացութիւնը, ուր չէ յարգուած համադաս բայերու սեռը:
Օրինակ. «Գրիգոր ստիպուած է յարգել ու հնազանդիլ վարպետին»:
Վարպետին խնդիրը, որ տրական հոլով դրուած է, կը գոհացնէ միայն հնազանդիլ բայը, որ չէզոք է: Մինչ յարգել բայը, որ ներգործական է, կը պահանջէ հայցական հոլով խնդիր` վարպետը:
Ուրեմն իր ոճը խնամողը պիտի ըսէր. «Գրիգոր ստիպուած է յարգել վարպետը եւ հնազանդիլ անոր»:
Նաեւ` «Ան ծանօթացաւ եւ շատ սիրեց հայկական երաժշտութիւնը»:
Ծանօթանալ չէզոք բային եւ սիրեց ներգործական բային տրուած է նոյն հայցական հոլով խնդիրը` երաժշտութիւնը: Ուրեմն գոհացած է բայերէն մէկը միայն, իսկ միւսը` ո՛չ:
Սա իր կարգին պէտք է տար. «Ան ծանօթացաւ հայկական երաժշտութեան եւ շատ սիրեց զայն»:
Երբեմն կացութեան տրուելիք լուծումը վանողական է, եւ կարծես գրողը գիտակցաբար կը դիմէ անհամասեռութեան` հնազանդելով գեղագիտական ներքին ձայնին:
Օրինակ` «Ահա իմ հասկացած եւ հաւատացած բարեկամութիւնս»:
Նոյն կացութիւնն է` հասկնալ կը պահանջէ հայցական հոլով, հաւատալ կը պահանջէ տրական հոլով, եւ այստեղ ունինք մէկ հայցական հոլով խնդիր` բարեկամութիւնս:
Եթէ փորձենք այս կուռ ու սեղմ ամբողջութիւնը քանդել` համասեռութեան սիրոյն, ապա պիտի ստեղծուէր ճապաղ կացութիւն մը. «Ահա այն բարեկամութիւնը, որ ես կը հասկնամ եւ որուն կը հաւատամ»:
Ո՞ր մէկը ընտրել եւ ո՞ր մէկը զոհել… կանոնակա՞նը, որ կը նմանի անհրապոյր կնոջդ, թէ՞ հակականոնականը, որ կը նմանի հրապուրիչ քարտուղարուհիիդ:
բ)Անուանական անհամասեռութիւն
«Անուանական» կը կոչենք ոչ-բայական բառերը:
Օրինակ` «Ցուցարարները կը պնդէին, թէ սա ոչ թէ կուսակցութիւններու, այլ քաղաքացիական պայքար է»:
Այստեղ պայքար գոյականին տրուած են երկու լրացումներ` կուսակցութիւններու (պայքար) եւ քաղաքացիական (պայքար), որոնց առաջինը սեռական հոլով գոյական մըն է, երկրորդը` ածական մը: Ինչ որ ոճականօրէն ընդունելի չէ. այդ լրացումները պէտք է պատկանէին խօսքի նոյն մասին. օրինակ` «կուսակցութիւններու եւ քաղաքացիներու պայքար» եւ կամ «կուսակցական եւ քաղաքացիական պայքար»:
Նաեւ` «Առիթ կ’ընծայեն օտար տէրութիւններու քննադատութեան եւ միջամուխ ըլլալուն»: Ուր ընծայել բային տրուած են երկու տրական հոլով խնդիրներ` քննադատութեան եւ միջամուխ ըլլալուն, որոնց առաջինը գոյական մըն է` քննադատութեան, իսկ երկրորդը դերբայ մը` միջամուխ ըլլալուն:
Այս անհամասեռութիւնը կը սրբագրուի հետեւեալ միջոցներով.
–Առիթ կ’ընծայէ օտար տէրութիւններու քննադատութեան եւ միջամտութեան:
–Առիթ կ’ընծայէ օտար տէրութիւններու քննադատելուն եւ միջամուխ ըլլալուն:
գ) Շարահիւսական անհամասեռութիւն
Այստեղ խնդրոյ առարկայ են ամբողջ խօսքը յղանալու եւ զայն ձեւաւորելու վերաբերող թերութիւններ:
Օրինակ`«Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր»:
Ուրեմն ներակայացուած են վիրաւորին կրած երեք վնասները.
–կոտրած անրակ
–ճաթած կողոսկրներ
–անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր
Այս երեքէն առաջին երկուքը որոշիչ-որոշեալ բառակապակցութիւններ են, մինչ երրորդը ամբողջ նախադասութիւն մըն է:
Ինչպէ՞ս լուծել հարցը. պարզ է, փորձելով նախադասութիւնը վերածել որոշիչ-որոշեալ բառակապակցութեան մը. այսինքն` վիրաւորուած թոք մը: Այսինքն`
«Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ վիրաւոր թոք մը»: