Երեսուն տարիներու կուտակուած կարօտը ամբողջութեամբ հետս բերի՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ։ Հայաստան հաստատուելուս երկրորդ տարին արդէն թեւակոխեցի։
Առաջին տարին այնքան ալ դիւրին չէր, այն առումով, որ ոչ թէ միջավայրը անծանօթ էր, լեզուն որոշ չափով նոր էր, սովորոյթները տարբեր էին, այլ որովհետեւ անցեալ տարի ազգովին ապրեցանք դժոխային օրեր, ունեցանք մարդկային եւ հողային ահռելի կորուստներ։ Եռաբլուրի տարածքը մեծցաւ հայրենիքի տարածքին հաշուոյն։ Արդեօ՞ք եթէ սփիւռքի մէջ ըլլայի այդ ժամանակաշրջանին, նոյն զգացումները պիտի ապրէի, թէ՞ այստեղ հողին ուժը այլ ազդեցութիւն կը թողու ներաշխարհիդ մէջ: Ահաւորը այն էր, որ կը զգայի եւ դեռ կը զգամ, որ մեր հողը, որուն վրայ տակաւ կրցայ կանգնիլ, քիչ-քիչ կը քաշեն ոտքերուս տակէն։ Շատ դժուար էր ոգեշնչուած վերադառնալ երազային հայրենիք եւ բախում ունենալ անտանելի իրականութեան մը հետ։
Չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, որ իւրաքանչիւր օր, երբ դուրս կու գամ տունէն, ինծի պահ մը կը թուի, թէ տակաւին առաջին օրս է հայրենիքին մէջ։ Տակաւին տարիներու կարօտս չեմ կրցած յագեցնել։
Տարբեր զգացում է նաեւ իւրաքանչիւր անձի հանդիպիլ ու խօսակցիլ, հաղորդակցիլ մայրենիով։ Թէեւ երկճիւղուած մայրենիով, սակայն հոգ չէ, այդ երկճիւղումն ալ մեր լեզուին հարստութիւնն է։ Նպարավաճառին, միրգ-բանջարեղէն վաճառողին, շինարարին, վարպետին, վարորդին ու բոլոր-բոլորին հետ հայերէն կը խօսիս։
Մեզի համար միշտ ալ հաճելի էր արեւելահայերէն լսելը, բայց այստեղ ի յայտ եկաւ, որ տեղացիին համար ալ հաճելի է արեւմտահայերէն լսելը, յատկապէս երբ կ’ըսեն. «Որքա՜ն սիրուն կը խօսէք, որքան սիրուն է արեւմտահայերէնը, միշտ էսպէս խօսեցէ՛ք»։
Աշխատանքիս բերումով «Դասաւանդի՛ր Հայաստան» կազմակերպութեան կողմէ գործուղուած եմ Հայաստանի հիւսիսը՝ Լոռիի մարզի Մեդովկա գիւղը։ Հետեւաբար եթէ ոչ ամէն շաբաթ, գէթ երկու շաբաթը անգամ մը կ’ունենամ ճամբորդութիւն։ Ճամբուս վրայ կ’անցնիմ տասնեակ գիւղերէ, ինչպէս նաեւ Ապարան, Սպիտակ, Վանաձոր, Ստեփանաւան եւ Տաշիր քաղաքներէն։ Այսպէս. իւրաքանչիւր քաղաք ունի իր պատկերը, մէկը միւսէն կը տարբերի։ Կարելի չէ, զոր-օրինակ, անցնիլ Սպիտակէն ու չյիշել 1988-ի ողբերգութիւնը, բայց հեռուէն պատկերը տարբեր է, նոյնիսկ եթէ լսած չըլլաս այս երկրաշարժին մասին, կարելի չէ կռահել, որ նման ճակատագիր մը ունեցած է ան։ Այս ճամբորդութիւններուն ընթացքին միշտ ալ նոյն հարցումը կ’ուղղուի ինծի, թէ չե՞մ յոգնիր այդ ճամբորդութիւններէն, թէ ինչո՛ւ այդքան յաճախակի կ’երթամ-կու գամ։ Հիմա ըսէք, ինչպէ՞ս կրնամ բացատրել, որ ճամբու իւրաքանչիւր ծառն ու թուփը ինծի համար ազգային պատմութիւն է։ Ինչպէ՞ս բացատրեմ, որ իւրաքանչիւր ծառ իր խոր արմատներով դարեր շարունակ կառչած մնացած է հողին ու մեզմէ կը պահանջէ, որ մենք մեր կարգին կառչած մնանք սուրբ հողին։ Ամենայատկանշականը այն է, որ ճամբուս վրայ կը հանդիպիմ Սիսին ու Մասիսին, կը զգամ, թէ անոնք ականատեսն են մեր երկրի ողբերգութեան։ Բայց հաստատապէս կը գիտակցիմ, որ իրենք եւս կը հաւատան մեր երկրի յարութեան։ Կարելի չէ այդ ճամբորդութիւններուն ընթացքին չտեսնել Սիսն ու Մասիսը ու չստանալ անոնց օրհնութիւնը, թէեւ երբեմն ամպերուն ետեւ պահուըտած կ’ըլլան անոնք։
Հիմա աշուն է։ Դպրոցական տարիներուն միշտ ալ սորված ենք «Ոսկի աշուն» արտայայտութիւնը։ Հիմա կը հասկնամ այդ արտայայտութեան իմաստը։ Իսկապէս Հայաստանի աշունը ոսկի է։ Կը հանդիպիս ծառերու, որոնք հագած են դեղին գոյնի բոլոր երանգներով յագեցած տերեւներ։ Ինչպէ՞ս չսիրել բնութիւնը, երբ անոր հզօրութիւնը կը զգաս ամբողջ էութեամբդ՝ ընդամէնը մէկ քայլափոխով։ Այդ քայլափոխին կը լսես չոր տերեւներուն խշրտոցը, կը գիտակցիս, որ բնութիւնը արդէն յոգնած է ու քանի մը ամսուան հանգիստի կարիք ունի։ Բնութիւնը կը հաւատայ, ինչպէս ազգս կը հաւատայ, որ յեղափոխութիւն ու զարթօնք պիտի ապրի։
Մէկ խօսքով՝ հայրենիքի համն ու հոտը, ջուրն ու օդը ուրիշ են…
Պէթթի Քիլէրճեան