Աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Ճարտարագիտական երկրաչափութեան ճիւղը:
Անդամ է Հալէպի Երկրաչափական Արհմիութեան:
Արհմիութենէն ներս հասած է բարձրագոյն հանգրուանի (Խորհրդատու Երկրաչափ) տիտղոսին:
Բծախնդրութեամբ վարած է իրեն վստահուած պաշտօնները ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս։
Այժմ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամ է։
Պաշտօնավարած է Պետական Ապահովագրական գրասենեակի Հալէպի մասնաճիւղէն ներս, վարելով զանազան պաշտօններ, ստանձնելով փոխտնօրէնի, ապա Հալէպի մասնաճիւղի տնօրէնի պաշտօն եւ իր մասնակցութիւնը բերած է վերականգնումի աշխատանքներու։
Տարիներ շարունակ եղած է դասախօս Հալէպի պետական համալսարանի երկրաչափական համալսարանէն եւ ուսումնարանէն ներս։
Անդամ է ՍՕ Խաչի, ուր վարած է զանազան պաշտօններ եւ արժանացած գնահատագիրի եւ ՍՕ Խաչի «Կանթեղ» շքանշանին։ Անդամ է նաեւ ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան։