«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը կապի մէջ ըլլալով Հայաստանի պետական ձայնասփիւռի լրագրող Լիանա Մանուկեանի հետ, տեղեկացաւ թէ, Կիրակի՝ 9 Յունիս 2019էն սկսեալ, այլ լեզուներու շարքին, պետական ձայնասփիւռի կայքէջէն, Հայաստանի եւ Յունաստանի հետ առնչուած յունարէնով լուրերու հաղորդումներ կը կատարուին, ինչպէս նաեւ անոնք կը ներկայացուին կայքէջին վրայ։ Լիանա Մանուկեան կը կատարէ լուրերու թարգմանութիւնը, ապա նաեւ կը կատարէ յունարէնով հաղորդումները։ Պետական ձայնասփիւռի https://el.armradio.am կայքէջէն կարելի է օրուան հաղորդումները լսել ամէն օր, ինչպէս նաեւ կարդալ օրուան լուրերը յունարէն լեզուով։ Յայտագիրի հաղորդավարը յայտնեց թէ, կայքէջը վերանորոգուած է, այցելուներուն աւելի մատչելի դարձնելու համար լուրերու ընթերցումը եւ սփռումը։ Այցելողը հոն կը գտնէ ճոխ բովանդակութեամբ եւ նկարներով յունական եւ հայկական լուրեր։