ՍՈՐՎԻ՞Լ ՀԱՅԵՐԷՆ, ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ… Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷՔ
Իսկապէս որ շշմեցուցիչ է ինքզինքդ գտնել այս հարցման դիմաց յատկապէս, երբ ան կը դրուի անկախ Հայաստանի կառավարութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի…
Armenian Weekly News
Իսկապէս որ շշմեցուցիչ է ինքզինքդ գտնել այս հարցման դիմաց յատկապէս, երբ ան կը դրուի անկախ Հայաստանի կառավարութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի…
Հիւսիսային Սուրիոյ կնճիռը անգամ մը եւս կը դրսեւորէ մեծապետական ուժերու կարելիութիւններն ու դիտաւորութիւնները` տարածաշրջանի կացութեան լուծում կարենալ բերելու եւ միաժամանակ…
Չեմ ուզեր ըստ էութեան քննարկել Վարչապետ Փաշինեանի ԱՄՆ այցելութեան հանգամանքները, որոնք կը կարօտին մանրամասն և բազմակողմանի վերլուծման։ Կ՚ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ քանիցս ընդգծած եմ կենսական կարևորութիւնը Հայաստանի մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան։ Այսօրուան պայմաններուն մէջ, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ի վիճակի չէ ընդդիմադրութեան բնականոն պատասխանատւութիւնները ստանձնելու։ Ան թոյլ է, անկերպարան, տարտղնուած և քաղաքականօրէն պատանդ՝ գործադիր իշխանութեան առաջնահերթութիւններուն։ Պէտք է լրջօրէն մտագոհուիլ քաղաքական բեմէն խորհրդարանի այս էական բացակայութեան համար։ Վարչապետ Փաշինեան ցարդ գործնական քայլեր չէ առած այս վտանգաւոր բացը գոցելու ուղղութեամբ։ Քանիցս յիշեցուցած ենք Պր. Վարչապետին, որ ներկայիս միայն մէկ միջոց կայ այս մարզին մէջ իրական և դրական տեղաշարժ իրագործելու։ Խօսի՛լ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան (և յատկապէս Դաշնակցութեան) հետ և զայն ընդգրկել երկրի քաղաքական գործընթացի բոլոր վճռական փուլերուն մէջ։ Վերածե՛լ երկիրը մասնակցային ժողովրդավարութեան և հնարաւոր դարձնել, որ երկրի միասնականութիւնը ինքզինք ի նորոյ գոյաւորէ և բանայ նոր դարը ՀՀ ազգային համերաշխութեան։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Ներկայացուցիչը իր վերջին ելոյթով կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը որևէ քայլ չէ առած այս մարզին մէջ և քաղաքական ուժերու յարաբերութիւնները կը մնան մեռեալ կէտի վրայ։ Ի փոխարէն՝ Պր. Վարչապետը ԱՄՆ-ի ելոյթներու իր բեմէն կը յորդորէ՝ ,…ԱՄՆ-ում ՀՅԴ ներկայացուցիչների հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (դիտել կու տայ), որ ՀՅԴ-ն պէտք է որոշակի վերագնահատումներն անի վերջին շրջանում ՀՀ-ում ծաւալած իր գործունէութեան վերաբերեալ։ե Յստակ շփոթ մը կայ այստեղ վարչապետական պատգամատւութեան ձևին հետ կապուած, որ անպայման պէտք է սրբագրուի։ Վարչապետական հասցէատետրը պէտք է միանգամընդմիշտ յստակացուի։ Քաղաքական յարաբերութիւններու բացը երկրի քաղաքական բեմին վրայ է այսօր և ոչ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ։ Երկրի մայրաքաղաքին մէջն է, որ կողմերը պիտի սկսին սրտբացօրէն խօսիլ իրարու հետ և ոչ՝ ԱՄՆ-ի մէջ։ Երևանի մէջ է, որ պէտք է վառել խարոյկը, Պր. Վարչապետ, որպէսզի անոր բոցերը իսկապէս հասնին քաղաքական բեմի բոլոր ոլորտներուն և շղթայազերծեն մեր ազգային մեծ տեղաշարժը, որուն կենսական կարիքը ունինք երկար ատենէ ի վեր։ Կարօ Արմէնեան Սեպտեմբեր 24, 2019 Երևան
Կարդա՛լ Դաշնակցութեան փորձագիտական յանձնաժողովի եզրակացութիւնը («Ամուլսարի Հանքավայրը Չի Կարող Օգտագործուել, Երբ Կան Անկառավարելի Ռիսկեր», ՀՅԴ Բիւրոյի Պաշտօնական Կայք, 13 Սեպտեմբեր…
Արդէն աւելի քան շաբաթ մըն է, որ հոս ենք եւ մեր տան պատշգամէն մեր առջեւ կը բացուի շարունակուող ողբերգութիւնը հայ…
Կը կարդամ Արմինէ Աւետիսեանի յօդուածը խառն զգացումներով։ Հնդիկները այլեւս համալսարանի ուսանողներ չեն միայն Երեւանի մէջ։ Անոնք շահագրգռուած ներգաղթողներ են։ Անոնք…
Այս տողերը մասնաւորապէս հասցէագրուած են բոլոր անոնց, որոնք հմայուած կը թուին ըլլալ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իսկապէս հմայիչ հռետորաբանութեամբ։ Վարչապետը ինքզինք…