Month: September 2019

ՀՅԴ ԱՐՑԱԽԻ ԿԿ-Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԱՐՑԱԽԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

«Ապառաժ».-24 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ը հանդիպում ունեցած է Արցախի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ`…

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՓՈԹ ՀԱՍՑԷԱՏԵՏՐԸ

Չեմ ուզեր ըստ էութեան քննարկել Վարչապետ Փաշինեանի ԱՄՆ այցելութեան հանգամանքները, որոնք կը կարօտին մանրամասն և բազմակողմանի վերլուծման։ Կ՚ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ քանիցս ընդգծած եմ կենսական կարևորութիւնը Հայաստանի մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան։ Այսօրուան պայմաններուն մէջ, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ի վիճակի չէ ընդդիմադրութեան բնականոն պատասխանատւութիւնները ստանձնելու։ Ան թոյլ է, անկերպարան, տարտղնուած և քաղաքականօրէն պատանդ՝ գործադիր իշխանութեան առաջնահերթութիւններուն։ Պէտք է լրջօրէն մտագոհուիլ քաղաքական բեմէն խորհրդարանի այս էական բացակայութեան համար։ Վարչապետ Փաշինեան ցարդ գործնական քայլեր չէ առած այս վտանգաւոր բացը գոցելու ուղղութեամբ։ Քանիցս յիշեցուցած ենք Պր. Վարչապետին, որ ներկայիս միայն մէկ միջոց կայ այս մարզին մէջ իրական և դրական տեղաշարժ իրագործելու։ Խօսի՛լ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան (և յատկապէս Դաշնակցութեան) հետ և զայն ընդգրկել երկրի քաղաքական գործընթացի բոլոր վճռական փուլերուն մէջ։ Վերածե՛լ երկիրը մասնակցային ժողովրդավարութեան և հնարաւոր դարձնել, որ երկրի միասնականութիւնը ինքզինք ի նորոյ գոյաւորէ և բանայ նոր դարը ՀՀ ազգային համերաշխութեան։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Ներկայացուցիչը իր վերջին ելոյթով կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը որևէ քայլ չէ առած այս մարզին մէջ և քաղաքական ուժերու յարաբերութիւնները կը մնան մեռեալ կէտի վրայ։ Ի փոխարէն՝ Պր. Վարչապետը ԱՄՆ-ի ելոյթներու իր բեմէն կը յորդորէ՝ ,…ԱՄՆ-ում ՀՅԴ ներկայացուցիչների հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (դիտել կու տայ), որ ՀՅԴ-ն պէտք է որոշակի վերագնահատումներն անի վերջին շրջանում ՀՀ-ում ծաւալած իր գործունէութեան վերաբերեալ։ե Յստակ շփոթ մը կայ այստեղ վարչապետական պատգամատւութեան ձևին հետ կապուած, որ անպայման պէտք է սրբագրուի։ Վարչապետական հասցէատետրը պէտք է միանգամընդմիշտ յստակացուի։ Քաղաքական յարաբերութիւններու բացը երկրի քաղաքական բեմին վրայ է այսօր և ոչ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ։ Երկրի մայրաքաղաքին մէջն է, որ կողմերը պիտի սկսին սրտբացօրէն խօսիլ իրարու հետ և ոչ՝ ԱՄՆ-ի մէջ։ Երևանի մէջ է, որ պէտք է վառել խարոյկը, Պր. Վարչապետ, որպէսզի անոր բոցերը իսկապէս հասնին քաղաքական բեմի բոլոր ոլորտներուն և շղթայազերծեն մեր ազգային մեծ տեղաշարժը, որուն կենսական կարիքը ունինք երկար ատենէ ի վեր։ Կարօ Արմէնեան Սեպտեմբեր 24, 2019 Երևան

ՀՀ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՅԱՆՁՆԵՑԻՆ ԱԿԱՆԱԶԵՐԾՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԸ

Սուրիա գործուղուած Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան սակրաւորները Հալէպ իրենց ժամանումէն մինչ օրս, ութը ամիսներու ընթացքին, նահանգի ալ Հուսէյնիէ բնակավայրին մէջ…

ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ՖԻՆԼԱՆՏԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԵՔՔԱ ՀԱԱՒԻՍԹՈՅԻ ՀԵՏ

«Երկիր».-ՄԱԿ-ի  74-րդ նիստի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք գտնուող ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 24 Սեպտեմբերին հանդիպեցաւ…

ՓԱՅԼԱՆԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՈՒՂԱՐԿԱԾ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐԻՆ.«ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԱՄՏԵՑ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ»

«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգած է 23 Սեպտեմբերին Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան  Պոլսոյ…

ՀՅԴ ԱՐՑԱԽԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ՆԻՍՏ` «ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

«Ապառաժ».-24 Սեպտեմբերին ՀՅ Դաշնակցութեան Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս գումարուած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ընդլայնուած նիստ, որուն մասնակցած են…

ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՇՐՋԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆ ՈՒ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆԸ ՏՈՒԱԾ ԵՆ ՀՅԴ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 24 Սեպտեմբերին, NEWS.am-ի հետ իր զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր…

ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱՆ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

«Արմէնփրէս».-Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Քալիֆորնիան ստորագրեցին գործակցութեան Շրջանակային համաձայնագիր: Այս մասին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած եւ…

ԱՐՑԱԽ-ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿԸ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է

«Երկիր».-Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու փոքր դահլիճէն ներս 24 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Արցախ-Աւստրալիա բարեկամութեան շրջանակի հիմնադիր անդամներու առաջին հանդիպումը: Շրջանակի…