ՍԼԱՔ. ՅԱՆՑԱՒՈՐ ԵՒ ԱՆՄԵՂ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՒԱՌՆԱԿՆԵՐ…
14 Սեպտեմբերին, սէուտական քարիւղի զտարաններ ռմբակոծման ենթարկուեցան անօդաչու սաւառնակներու միջոցով։ Եմէնի հութիները յայտարարեցին, թէ իրենք կը կանգնին այս գործողութեան ետին,…
Armenian Weekly News
14 Սեպտեմբերին, սէուտական քարիւղի զտարաններ ռմբակոծման ենթարկուեցան անօդաչու սաւառնակներու միջոցով։ Եմէնի հութիները յայտարարեցին, թէ իրենք կը կանգնին այս գործողութեան ետին,…
Չեմ ուզեր ըստ էութեան քննարկել Վարչապետ Փաշինեանի ԱՄՆ այցելութեան հանգամանքները, որոնք կը կարօտին մանրամասն և բազմակողմանի վերլուծման։ Կ՚ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ քանիցս ընդգծած եմ կենսական կարևորութիւնը Հայաստանի մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան։ Այսօրուան պայմաններուն մէջ, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ի վիճակի չէ ընդդիմադրութեան բնականոն պատասխանատւութիւնները ստանձնելու։ Ան թոյլ է, անկերպարան, տարտղնուած և քաղաքականօրէն պատանդ՝ գործադիր իշխանութեան առաջնահերթութիւններուն։ Պէտք է լրջօրէն մտագոհուիլ քաղաքական բեմէն խորհրդարանի այս էական բացակայութեան համար։ Վարչապետ Փաշինեան ցարդ գործնական քայլեր չէ առած այս վտանգաւոր բացը գոցելու ուղղութեամբ։ Քանիցս յիշեցուցած ենք Պր. Վարչապետին, որ ներկայիս միայն մէկ միջոց կայ այս մարզին մէջ իրական և դրական տեղաշարժ իրագործելու։ Խօսի՛լ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան (և յատկապէս Դաշնակցութեան) հետ և զայն ընդգրկել երկրի քաղաքական գործընթացի բոլոր վճռական փուլերուն մէջ։ Վերածե՛լ երկիրը մասնակցային ժողովրդավարութեան և հնարաւոր դարձնել, որ երկրի միասնականութիւնը ինքզինք ի նորոյ գոյաւորէ և բանայ նոր դարը ՀՀ ազգային համերաշխութեան։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Ներկայացուցիչը իր վերջին ելոյթով կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը որևէ քայլ չէ առած այս մարզին մէջ և քաղաքական ուժերու յարաբերութիւնները կը մնան մեռեալ կէտի վրայ։ Ի փոխարէն՝ Պր. Վարչապետը ԱՄՆ-ի ելոյթներու իր բեմէն կը յորդորէ՝ ,…ԱՄՆ-ում ՀՅԴ ներկայացուցիչների հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (դիտել կու տայ), որ ՀՅԴ-ն պէտք է որոշակի վերագնահատումներն անի վերջին շրջանում ՀՀ-ում ծաւալած իր գործունէութեան վերաբերեալ։ե Յստակ շփոթ մը կայ այստեղ վարչապետական պատգամատւութեան ձևին հետ կապուած, որ անպայման պէտք է սրբագրուի։ Վարչապետական հասցէատետրը պէտք է միանգամընդմիշտ յստակացուի։ Քաղաքական յարաբերութիւններու բացը երկրի քաղաքական բեմին վրայ է այսօր և ոչ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ։ Երկրի մայրաքաղաքին մէջն է, որ կողմերը պիտի սկսին սրտբացօրէն խօսիլ իրարու հետ և ոչ՝ ԱՄՆ-ի մէջ։ Երևանի մէջ է, որ պէտք է վառել խարոյկը, Պր. Վարչապետ, որպէսզի անոր բոցերը իսկապէս հասնին քաղաքական բեմի բոլոր ոլորտներուն և շղթայազերծեն մեր ազգային մեծ տեղաշարժը, որուն կենսական կարիքը ունինք երկար ատենէ ի վեր։ Կարօ Արմէնեան Սեպտեմբեր 24, 2019 Երևան
Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարի այցելութիւնը Երեւան եւ մանաւանդ այնտեղ կատարուած յայտարարութիւնները կը պարզեն դիտարժան որոշ հանգամանքներ, որոնք սերտօրէն կ՛աղերսուին համահայկական օրակարգին…
Կարդա՛լ Դաշնակցութեան փորձագիտական յանձնաժողովի եզրակացութիւնը («Ամուլսարի Հանքավայրը Չի Կարող Օգտագործուել, Երբ Կան Անկառավարելի Ռիսկեր», ՀՅԴ Բիւրոյի Պաշտօնական Կայք, 13 Սեպտեմբեր…
Հայկական Զարթօնք, մշակութային եւ քաղաքական վերածնունդ, ստրկատիրական վիճակէ դուրս գալու, ինքնավարութեան պայքար, հուսկ յետոյ անկախ պետութիւն կերտելու կամք ու իրագործումներ։…
Գործող իշխանութիւններն ու նրանց առաջնորդը շատ են խօսում «թաւշեայ յեղափոխութեան» որեւէ արտաքին ուժի աջակցութեան բացառման մասին: Այս թեզը չի կարող…
Խորհրդարանական համակարգի անցումի հիմնական առաջադրանքներէն էր նաեւ բազմակուսակցական Ազգային ժողով ունենալը, ուր բանավէճը, տարբեր մօտեցումները, իրողապէս բազմակարծիք հարթակ ստեղծելը պիտի…
«Տորիըն» մրրիկին պատուհասները, Հոնկ Քոնկի ցոյցերը, Եմէնի վրայ նորագոյն յարձակումի մը պատճառած հարիւրաւոր զոհերը, Քալիֆորնիոյ ծովափին պատահած նաւային արկած մը,…
24 Յուլիսին ամբողջացաւ Լոզանի աղմկալի դաշնագիրին ստորագրման 96-ամեակը։ Դաշնագիր մը, որ հայ ժողովուրդին դարերու երազին՝ միացեալ, անկախ եւ դէպի ծով…
Իրանի ԱԳ նախարար Մուհամմէտ Ճաւատ Զարիֆի անակնկալ ուղեւորութիւնը Պիարից, ամբողջովին ստուերեց ֆրանսական այս գողտրիկ բնակավայրին մէջ ընթացող G7-ի գագաթնաժողովի երկրորդ…